Տիգրան Պետրոսեանի անուան ճատրակի տան մէջ, երէկ տեղի ունեցան Հայաստանի տղոց եւ աղջկանց ճատրակի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի հանդիպումները:
Մարիա Գէորգեան, որ արձանագրեց իր չորրորդ յաջորդական յաղթանակը, այժմ առանձինն կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր տրամադրութեան տակ ունենալով 4 կէտ: 3,5-ական կէտ ունին Սուսաննա Գաբոյեան եւ Աննա Խաչատրեան:
Ախոյեանութեան աւարտին մնացած է 4 հանգրուան:
Ինչ կը վերաբերի տղոց ախոյեանութեան, երէկ յաղթանակներ արձանագրեցին Ռոպերթ Յովհաննիսեան եւ Հայկ Մարտիրոսեան: Սակայն յառաջատարներն են Սամուէլ Տէր Սահակեան եւ Ռոպերթ Յովհաննիսեան, որոնք ունին 3,5-ական կէտ: