Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան մասնակիցներէն Փիւնիկ Երեւան երէկ պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 19 տարեկան միջնապահ Էրիկ Ազիզեանի հետ, յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մէկուկէս տարիով:
Այլ գետնի վրայ ակումբը յայտնեց, որ 20 յունուարէն 2 փետրուար Ալանիա քաղաքին (Թուրքիա) մէջ տեղի ունենալիք ուսումնամարզական հաւաքին խումբը պիտի կատարէ ֆութպոլի բարեկամական երեք մրցում, յաջորդաբար Ալեքսանտրիա, Լեւսքի եւ Վիթոշա խումբերուն դէմ:




