Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին որոշումով, Ռէալ Մատրիտի սպանացի միջնապահ Ֆետերիքօ Վալվերտէ մէկ մրցումով կախակայուեցաւ:
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ 21 տարեկան Վալվերտէ Աթլեթիքօ Մատրիտի դէմ տեղի ունեցած Սպանիոյ ֆութպոլի գերբաժակի մրցաշարքի աւարտականին իր ստացած կարմիր քարտէն բացի ստացաւ մէկ մրցումի որակազրկում` իր բիրտ խաղարկութեան պատճառով:
Ան պիտի բացակայի այս շաբաթավերջին Սեւիլլայի դէմ տեղի ունենալիք «Լա լիկա»-ի 20-րդ հանգրուանի մրցումէն:



