Մարզական

Ըմբշամարտ. Ողիմպիական Խաղերուն Վարկանշային Մրցաշարքին Մասնակցող Հայաստանի Ազատ Ոճի Կազմը

Հայաստանի ազատ ոճի ըմբշամարտի հաւաքականը Ողիմպիական խաղերուն առաջին վարկանշային մրցաշարքին կը մասնակցի վեց մարզիկով, յայտնեց Հայաստանի ըմբշամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 19-22 մարտին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունենալիք եւրոպական գօտիի վարկանշային մրցաշարքին կը մասնակցին Արսէն Յարութիւնեան (57 քկ), Վալոդեա Ֆրանգուլեան (65 քկ), Հրայր Ալիխանեան (74 քկ), Յովհաննէս Մխիթարեան (86 քկ), Հաճիմուրատ Գացալով (97 քկ) եւ Լեւան Բերիանիցէ (125 քկ): Հայրենի կազմը...

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Լիվըրփուլ – Աթլեթիքօ Մատրիտ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն – Պորուսիա Տորթմունտ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին հետաքրքրական երկու տաք ճակատումներ: Հիւրընկալ երկու կազմերն ալ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն յաղթանակ արձանագրելու համար` նկատի ունենալով, որ երթին պարտութիւն կրեցին իրենց մրցակիցներուն դաշտին վրայ: Լիվըրփուլ, որ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, երթին կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը: Իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն երթին պարտուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի դաշտին...

«Փրեմիեր Լիկ». Այսօր` Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ յետաձգուած մրցումի մը, այսօր Մանչեսթըր Սիթի կը հիւրընկալէ Արսենալը: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 21:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով: 2-րդ դիրքին վրայ գտնուող Սիթի այժմ 25 կէտով ետ կը մնայ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլէն, որ ունի 82 կէտ: 9-րդ դիրքին վրայ գտնուող Արսենալ ունի 40 կէտ:

«Չեմփիընզ Լիկ». Պարսելոնա – Նափոլի Մրցումը` Առանց Հանդիսատեսներու

Սպանական մամուլը երէկ յայտնեց, որ 18 մարտին Պարսելոնա - Նափոլի ճակատումը տեղի պիտի ունենայ առանց հանդիսատեսներու: Այս մրցումը կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ (երթ` 1-1): «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն այս մրցումը առանց հանդիսատեսներու կատարելու որոշումը տուաւ Պարսելոնայի ղեկավարութեան խնդրանքով: Իտալական կազմին հետ բնականաբար Պարսելոնա պիտի ժամանէին անոր համակիրները, որոնք իրենց հետ կրնային «Քորոնա» ժահրը...

Պարսելոնա Մեսսիին Առաջարկեց 50 Միլիոն Եւրօ Աշխատավարձ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ` անոր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2023 երկարաձգելու առնչութեամբ: Քաթալոնական ակումբը պատրաստ է նոր պայմանագիրով 32 տարեկան ֆութպոլիստին վճարելու տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ: Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021: Սակայն այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք ան իրաւունք ունի միակողմանի խզելու պայմանագիրը եւ անվճար տեղափոխուելու այլ ակումբ:...

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Պաշտօնապէս Դադրեցաւ

Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթէ երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց երկրին մէջ տեղի ունեցող մարզական բոլոր տեսակի միջոցառումները անմիջապէս դադրեցնելու առնչութեամբ: Այս որոշումը ուժի մէջ է մինչեւ 3 ապրիլ: Բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտութեան պարագային, այդ ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ: Ինչ կը վերաբերի Իտալիոյ մէջ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն, անոնց գծով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն աւելի ուշ պաշտօնական յայտարարութիւն մը...

«Լա Լիկա»-ի Մրցումները Եւս Առանց Հանդիսատեսներու

Սպանական «Մարքա» հանրածանօթ մարզական օրաթերթը հաղորդեց, որ «Լա լիկա»-ի մրցումները եւս տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու` նկատի ունենալով, որ այս շաբաթասկիզբէն սկսեալ Սպանիոյ մէջ եւս «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը զգալի աճ արձանագրած է (ցարդ` 1200): «Լա լիկա»-ի ղեկավարութիւնը, նախքան իր այս որոշումը տալը, խորհրդակցութիւններ ունեցած էր երկրին առողջապահութեան նախարարութեան ներկայացուցիչներուն հետ:

Օլիմփիաքոսի Եւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի Սեփականատէրը Վարակուեցաւ «Քորոնա» Ժահրով

Օրէ օր աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը արագ մագլցում կ՛արձանագրէ, հակառակ անոր որ մարդիկ իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն այդ հիւանդութենէն չվարակուելու համար: Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Օլիմփիաքոսի եւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի սեփականատէր Էվանկելոս Մարինաքիս վարակուած է այս հիւանդութեամբ: 52 տարեկան յոյն առեւտրականը, առանց իր վարակման լուրը գաղտնի պահելու, հրապարակաւ յայտարարեց, որ այդ հիւանդութիւնը զինք եւս թիրախ դարձուցած է, եւ ինք...

Քուրթուա Եւ Մարսելօ Բացակայ` Մանչեսթըր Սիթիի Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի բերդապահ Թիպօ Քուրթուա եւ պրազիլցի յետսապահ Մարսելօ վիրաւոր ըլլալուն պատճառով քանի մը շաբաթով պիտի չկարենան օգտակար դառնալ իրենց ակումբին եւ պիտի բացակային ֆութպոլի դաշտերէն: Երկու ֆութպոլիստներն ալ վիրաւորուեցան նախորդ շաբաթավերջին` Ռէալ Պեթիսի դէմ կատարուած «Լա լիկա»-ի մրցումին ընթացքին (27-րդ հանգրուան): Անոնք պիտի բացակային 13 մարտին Էյպարի (28-րդ հանգրուան), ինչպէս նաեւ Մանչեսթըր Սիթիի դէմ (17 մարտ) կատարուելիք «Չեմփիընզ...

Ճատրակ. Աննա Սարգսեան Արժանացաւ Միջազգային Կրանտմասթըրի Կոչումին

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ն աղջկանց միջազգային կրանտմասթըրի կոչում շնորհեց Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամ Աննա Սարգսեանին: Աննա Սարգսեան Եւրոպայի 2019-ի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին 4-րդ խաղատախտակին վրայ արձանագրեց լաւագոյն արդիւնքը եւ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովելով 7 կէտ արժանացաւ անհատական ոսկիէ մետալի:

Կռփամարտ. Հայաստանի Ազգային Հաւաքականը Կատարեց Իր Վերջին Փորձը` Նախքան Լոնտոն Իր Մեկնումը

Ուրբաթ, 14 մարտին, Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) կը սկսի 2020-ի ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանշային մրցաշարքը: Անիկա կ՛աւարտի 24 մարտին: Հայաստանի ազգային հաւաքականը երէկ կատարեց իր վերջին փորձը` նախքան Լոնտոն իր մեկնումը (այսօր` երեքշաբթի): Լոնտոնի մրցաշարքին կը մասնակցին Կորիւն Սողոմոնեան (52 քկ), Արթուր Բազէեան (57 քկ), Յովհաննէս Բաչքով (63 քկ), Գուրգէն Մադոյեան (69 քկ), Արման Դարչինեան (75 քկ), Գոռ Ներսիսեան (81 քկ),...

Կռփամարտ. Հայաստան Տիրացաւ 2 Մետալի` Հելսինքիի Մէջ

Ֆինլանտայի մայրաքաղաք Հելսինքիի մէջ տեղի ունեցած «Ճի. Պի.»-ի կռփամարտի միջազգային մրցաշարքին իր մասնակցութիւնը բերած Հայաստանի հաւաքականը տիրացաւ երկու մետալի: Հայաստանի կռփամարտի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Նարեկ Յովհաննիսեան (63 քկ) եւ Արսէն Գրիգորեան (69 քկ) տիրացած են պրոնզէ մետալներու: Անոնք այս մրցաշարքին մասնակցեցան իրենց մարզիչ ունենալով Վահան Ադիլխանեանը (գլխաւոր մարզիչ) եւ Պաւլիկ Ղարսեանը (երկրորդ մարզիչ):  

Ժիւտօ. Ֆերտինանտ Կարապետեան Պիտի Մասնակցի Եքաթերինպուրկի Վարկանշային Մրցաշարքին

Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք վարկանշային մրցաշարքին: Յայտնենք, որ «Քորունա» ժահրին պատճառով արդէն իսկ ժիւտոյի շարք մը մրցաշարքեր ջնջուած կամ յետաձգուած են: Կարապետեան նախապէս իր մասնակցութիւնը չբերաւ Մարոքի մէջ կատարուած միջազգային մրցաշարքի մը:

«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր Կը Կատարուին Երկու Մրցումներ

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ՛ունենան երկու թեթեւ ճակատումներ: Լայփցիկ կը հիւրընկալէ Թոթենհամը, իսկ Վալենսիա` Աթալանթան: Երկու մրցումներուն ալ ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով): Երթին Լայփցիկ արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, մինչ Աթալանթա` 4-1 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը: Վաղը Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը (երթ` 1-0, ի նպաստ` Աթլեթիքոյին), իսկ Փարիզ...

Անգլիոյ Ախոյեան Հանդիսանալու Համար` Լիվըրփուլ Կարիքը Ունի Երկու Յաղթանակի

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ 31-րդ հանգրուանին կրնայ երկրի ախոյեան հռչակուիլ: Եթէ 30-րդ եւ 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը յաղթանակ արձանագրէ յաջորդաբար Քրիսթալ Փալասի եւ Էվըրթընի դէմ, պիտի հռչակուի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան: Լիվըրփուլ, որ այժմ ունի 82 կէտ, 25 կէտով կը գերազանցէ մրցում մը նուազ կատարած եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր...

Ազատ Արձակուելէ Կարճ Ժամանակ Ետք. Ռոնալտինիօ Դարձեալ Ձերբակալուեցաւ

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտինիօ եւ անոր եղբայրները ազատ արձակուելէ քանի մը ժամ ետք դարձեալ ձերբակալուեցան, յայտնեց պրազիլեան մամուլը: Փարակուէյի դատարանը չուզեց ազատ արձակել երկու եղբայրները, որոնք փարակուէյեան կեղծ անձնագիր գործածած էին: Կեղծ անձնագիր գործածելուն իբրեւ պատիժ մեղաւորը կա՛մ հսկայական տուգանք պէտք է վճարէ, կամ ալ մէկ տարիով բանտարկուի: Նշուեցաւ նաեւ, որ եթէ Ռոնալտինիոյի դատավարութիւնը սկսի, անիկա կրնայ...

Թոքիօ-2020. Ողիմպիականի Խաղերուն Կրակը Վառելու Եւ Փոխանցելու Հանդիսութիւնը Պիտի Կատարուի Առանց Հանդիսատեսներու

Յունաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կրակը վառելու եւ փոխանցելու հանդիսութիւնը պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու: 12 մարտին նախատեսուած այս հանդիսութեան առանց հանդիսատեսներու կայացումին պատճառը բնականաբար «Քորոնա» ժահրն է: Ըստ նախնական տուեալներուն, հանդիսութեան պիտի մասնակցին միայն հարիւր հանդիսատեսներ: Ջահը Ճափոն պիտի տեղափոխուի 20 մարտին:

Թոքիօ-2020. Ողիմպիականի Խաղերուն Յետաձգումը Միլիառաւոր Տոլարներու Վնաս Պիտի Պատճառէ Ճափոնի Տնտեսութեան

«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիօ-2020-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերը, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենան 24 յուլիսէն 9 օգոստոս, շատ հաւանական է, որ յետաձգուին: Սակայն այս գծով ցարդ յստակ ոչինչ յայտարարուած է: Եթէ պատահի, որ անոնք յետաձգուին, Ճափոնի տնտեսութիւնը պիտի կրէ 74,2 միլիառ տոլարի վնաս: Ըստ ճափոնական մամուլին, մինչեւ նախորդ շաբաթավերջի տուեալներով, երկրին մէջ այդ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը գերազանցէ հազարը, իսկ...

«Եու. Է. Էֆ. Ա.». Իտալացի Իրաւարարները Ժամանակաւորապէս Պիտի Զրկուին Եւրոպական Մրցաշարքերէն

Իտալական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ղեկավարութիւնը որոշեց իտալացի իրաւարարները ժամանակաւորապէս զրկել եւրոպական երկու գլխաւոր մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցումներուն իրաւարարները ըլլալէ իրաւունքէն: Նկատի ունենալով, որ Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրը բաւական տարածուած է, այս ձեւով վերոնշեալ կազմակերպութիւնը կը մտածէ անոր տարածումը որոշակի կերպով դանդաղեցնել: Նախապէս, այլ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, «Եու. Է. Էֆ....

Եւրոպական Մրցաշարքերուն. «Մարզիկներուն Ձեռնուիլը Արգիլուած Է» Յայտնեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն

Աշխարհի մեծ մասին մէջ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով, «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքերուն ընթացքին մարզիկներուն ձեռնուիլը բացարձակապէս արգիլուած է, յայտարարեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն: Այս ձեւով նշեալ կազմակերպութիւնը պիտի փորձէ «Քորոնա»-ին յաւելեալ տարածումին առաջքը առնել: Եւրոպայի տարածքին շարք մը մրցաշարքեր պիտի կատարուին առանց ֆութպոլի համակիրներու:  

Page 616 of 1279 1 … 615 616 617 … 1,279

Արխիւներ