Հայաստանի ժիւտոյի ազգային հաւաքականի անդամ Ֆերտինանտ Կարապետեան իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք վարկանշային մրցաշարքին:
Յայտնենք, որ «Քորունա» ժահրին պատճառով արդէն իսկ ժիւտոյի շարք մը մրցաշարքեր ջնջուած կամ յետաձգուած են:
Կարապետեան նախապէս իր մասնակցութիւնը չբերաւ Մարոքի մէջ կատարուած միջազգային մրցաշարքի մը: