Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան Պարսելոնայի ղեկավարութիւնը կը շարունակէ բանակցութիւնները արժանթինցի յառաջապահ Լիոնել Մեսսիի հետ` անոր պայմանագրութիւնը մինչեւ 2023 երկարաձգելու առնչութեամբ:
Քաթալոնական ակումբը պատրաստ է նոր պայմանագիրով 32 տարեկան ֆութպոլիստին վճարելու տարեկան 50 միլիոն եւրօ աշխատավարձ:
Մեսսիի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ 30 յունիս 2021: Սակայն այս տարեշրջանի աւարտէն անմիջապէս ետք ան իրաւունք ունի միակողմանի խզելու պայմանագիրը եւ անվճար տեղափոխուելու այլ ակումբ:
Ան այս տարեշրջանին ցարդ իր ակումբին հետ կատարած 31 մրցումներուն ընթացքին նշանակած է 24 կոլ եւ կատարած 16 էսիսթ: