«Քորոնա» ժահրին պատճառով, Թոքիօ-2020-ի ամառնային 32-րդ ողիմպիական խաղերը, որոնք սկզբունքով տեղի պիտի ունենան 24 յուլիսէն 9 օգոստոս, շատ հաւանական է, որ յետաձգուին: Սակայն այս գծով ցարդ յստակ ոչինչ յայտարարուած է:
Եթէ պատահի, որ անոնք յետաձգուին, Ճափոնի տնտեսութիւնը պիտի կրէ 74,2 միլիառ տոլարի վնաս:
Ըստ ճափոնական մամուլին, մինչեւ նախորդ շաբաթավերջի տուեալներով, երկրին մէջ այդ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը գերազանցէ հազարը, իսկ մահացածներուն` 12-ը: