Յունաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով, Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն կրակը վառելու եւ փոխանցելու հանդիսութիւնը պիտի կատարուի առանց հանդիսատեսներու:
12 մարտին նախատեսուած այս հանդիսութեան առանց հանդիսատեսներու կայացումին պատճառը բնականաբար «Քորոնա» ժահրն է:
Ըստ նախնական տուեալներուն, հանդիսութեան պիտի մասնակցին միայն հարիւր հանդիսատեսներ:
Ջահը Ճափոն պիտի տեղափոխուի 20 մարտին:



