Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը կը հաղորդէ, որ ՖԻՏԷ-ն աղջկանց միջազգային կրանտմասթըրի կոչում շնորհեց Հայաստանի ճատրակի աղջկանց հաւաքականի անդամ Աննա Սարգսեանին:
Աննա Սարգսեան Եւրոպայի 2019-ի խմբային ախոյեանութեան ընթացքին 4-րդ խաղատախտակին վրայ արձանագրեց լաւագոյն արդիւնքը եւ առաւելագոյն 8 կէտէն ապահովելով 7 կէտ արժանացաւ անհատական ոսկիէ մետալի: