«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր կը կատարուին հետաքրքրական երկու տաք ճակատումներ:
Հիւրընկալ երկու կազմերն ալ ոչ մէկ ճիգ պիտի խնայեն յաղթանակ արձանագրելու համար` նկատի ունենալով, որ երթին պարտութիւն կրեցին իրենց մրցակիցներուն դաշտին վրայ:
Լիվըրփուլ, որ պիտի հիւրընկալէ Աթլեթիքօ Մատրիտը, երթին կրեց 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը:
Իսկ Փարիզ Սեն Ժերմեն երթին պարտուեցաւ Պորուսիա Տորթմունտի դաշտին վրայ (2-1):
Երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչպէս ծանօթ է, նախանցեալ օր որոշուեցաւ, որ Ֆրանսայի մէջ կատարուելիք մրցումը պիտի ըլլայ առանց համակիրներու` «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով: