Մարզական

«Չեմփիընզ Լիկ». «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կը Քննարկէ Պարսելոնա – Նափոլի Մրցումը Յետաձգելու Հարցը

Ըստ սպանական մամուլին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն կը քննարկէ Պարսելոնա - Նափոլի մրցումը յետաձգելու հարցը: Վերջինս կ՛իյնայ «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նշուեցաւ, որ Իտալիոյ մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով Նափոլիի ֆութպոլիստները պիտի չկարենան մեկնիլ Սպանիա` մասնակցելու համար այս մրցումին: Այս մրցումը նախատեսուած էր կատարել 18 մարտին: Երթի մրցումը աւարտած էր 1-1 հաւասարութեամբ:  

«Չեմփիընզ Լիկ». Աթլեթիքօ Մատրիտ Կասեցուց Լիվըրփուլի` Իր Դաշտին Վրայ Անպարտելիութեան Շարքը

«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներէն ետք յստակացան քառորդ աւարտականին հասնող չորս խումբերուն անունները: Անոնք են` Փարիզ Սեն Ժերմեն, Աթլեթիքօ Մատրիտ, Աթալանթա եւ Լայփցիկ: Յիշատակելի եղաւ Աթլեթիքօ Մատրիտին յաղթանակը Լիվըրփուլի դէմ (երկարաձգումէն ետք, 3-2 արդիւնքով)` նկատի ունենալով, որ սպանական կազմը եկաւ վերջ դնելու անգլիական կազմին յաղթանակներու շարքին: Վերջինս իր դաշտին` «Էնֆիլտ»-ի մէջ վերջին 42 մրցումներուն մնացած էր անպարտելի:...

«Էն. Պի. Էյ.». Կատարուեցան Միայն Չորս Մրցումներ. Յաջորդող Օրերուն Կատարուելիք Բոլոր Մրցումները Յետաձգուեցան

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, յայտագիրին վրայ գտնուող վեց մրցումներէն միայն չորսը կատարուեցան, մինչ մնացեալ երկուքը յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Յետաձգուեցան նաեւ յառաջիկայ օրերուն կատարուելիք բոլոր մրցումները: Թրայէ Եանկ Նիւ Եորք Նիքս, որ հիւրը եղաւ Աթլանթա Հոքսին, երկարաձգումէն ետք արձանագրեց 136-131 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հոքսէն Թրայէ Եանկ նշանակեց 42 կէտ: Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ յաղթեց իր հիւրին` Տիթրոյիթ Փիսթընզին,...

Հայկական Ֆութպոլ. Արարատ Արմենիա Եւ Նոա Յաղթական

Երէկ` չորեքշաբթի, 11 մարտին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի հանդիպումները: Հայաստանի գործող ախոյեան Արարատ Արմենիա, որ հիւրընկալեց Գանձասար Կապանը, արձանագրեց 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը: Վարդան Մինասեանի գլխաւորած կազմին կոլը նշանակեց նիկերիացի 24 տարեկան յառաջապահ Լուիս Օկանա (54-րդ): Երկու կազմերուն միջեւ դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 22 մարտին: Երէկուան կիսաւարտականի երկրորդ մրցումին, իր կարգին Նոա արձանագրեց 1-0...

Եւրօ-2020. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Մտադիր Չէ Մրցաշարքը Յետաձգել

Ինչպէս ծանօթ է, 12 յունիսէն 12 յուլիս տեղի պիտի ունենայ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքը` եւրոպական 12 քաղաքներու մէջ: Իր գումարած վերջին ժողովին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց, որ ցարդ որոշում չէ տրուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով այս մրցաշարքը յետաձգել, եւ անիկա պիտի կատարուի ճշդուած ժամկէտին: Կազմակերպութիւնը հերքեց նաեւ այն տեղեկութիւնը, ըստ որուն, քանի մը երկիրներու ֆետերասիոնները իրեն դիմում ներկայացուցած են խնդրելով, որ...

«Եւրոպայի Լիկա». Ա. Էս. Ռոմա Պիտի Չմեկնի Սպանիա

Իտալական Ա. Էս. Ռոմա ֆութպոլի խումբը երէկ յայտարարեց, որ պիտի չմեկնի Սպանիա, ուր սկզբունքով այսօր` հինգշաբթի, մրցում մը ունէր կատարելիք տեղւոյն կազմերէն Սեւիլլայի դէմ, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Նշուեցաւ, որ Սպանիա փակած է Իտալիոյ հետ իր օդային սահմանները: Ա. Էս. Ռոմա այժմ կը սպասէ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պարզաբանումներուն: «Քորոնա» ժահրին պատճառով Ա. Էս....

Մպափէ «Քորոնա» Ժահրով Չէ Վարակուած

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ Փարիզ Սեն Ժերմենի յառաջապահ Քիլիան Մպափէ «Քորոնա» ժահրով չէ վարակուած, յայտնեց ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը: Նախանցեալ օր բժիշկները կասկածեցան, որ 21 տարեկան յառաջապահը այս ժահրով վարակուած է: Հետեւաբար կատարեցին յատուկ քննութիւններ, որոնք տուին դրական արդիւնք: Անոր ակումբը յայտնեց, որ ան առողջական պատճառներով չէ մասնակցած խումբին փորձերուն:

«Փրեմիեր Լիկ». Մանչեսթըր Սիթի – Արսենալ Մրցումը Յետաձգուեցաւ

Սկզբունքով երէկ տեղի պիտի ունենար Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան («Փրեմիեր լիկ») 28-րդ հանգրուանէն յետաձգուած Մանչեսթըր Սիթի - Արսենալ մրցումը: Սակայն անիկա երէկ դարձեալ յետաձգուեցաւ` նկատի ունենալով այն մտավախութիւնը, որ Արսենալի ֆութպոլիստները կրնան վարակուած ըլլալ «Քորոնա» ժահրով: Շուրջ 14 օր առաջ Արսենալ Յունաստանի մէջ մրցում մը կատարեց Օլիմփիաքոսի դէմ` «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի ծիրին մէջ: Կը կարծուի, որ Արսենալի ֆութպոլիստներէն ոմանք այդ...

Հայկական Ֆութպոլ. Վահագն Այվազեան Վերադարձաւ Ուրարտու

Ուրարտու ֆութպոլի ակումբը յայտարարեց, որ յետսապահ Վահագն Այվազեան վերստին միացաւ խումբին: 27 տարեկան ֆութպոլիստը այս տարեշրջանը սկսաւ Ուրարտուի հետ` անոր հետ կատարելով 2 մրցում եւ նշանակելով կոլ մը: Ապա ան տեղափոխուեցաւ Օման եւ միացաւ Նասր խումբին: Սակայն մարզիկներու ձմեռնային փոխանցման ընթացքին ան Հայաստան վերադառնալու որոշում տուաւ: Ուրարտուի հետ ան պիտի կրէ թիւ 88 մարզաշապիկը:

Նափոլիի Դէմ Իր Մրցումը Առանց Հանդիսատեսի Կատարելուն Պատճառով. Պարսելոնայի Կրած Վնասը` 6 Միլիոն Եւրօ

«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, Եւրոպայի յառաջատար ֆութպոլի ակումբները կը շարունակեն նիւթական լուրջ կորուստներ կրել: «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի ծիրին մէջ, Նափոլիի դէմ իր դարձի մրցումը առանց հանդիսատեսի կատարելուն պատճառով, Պարսելոնա պիտի կրէ 6 միլիոն եւրոյի վնաս մը: «Մենք ստիպուած ենք այս մրցումը կատարել առանց համակիրներու: Պիտի ունենանք 6 միլիոն եւրոյի վնաս մը, բայց եւ այնպէս այլընտրանք չկայ», յայտնեց...

Ֆրանսայի Եւ Փորթուգալի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնները` Առանց Հանդիսատեսներու

Իրենց հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութիւններուն մէջ, Ֆրանսայի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ֆետերասիոնները յայտարարեցին, որ իրենց երկիրներուն մէջ եւս ախոյեանութեան մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու: Ֆրանսայի մէջ այս որոշումը պիտի գործադրուի մինչեւ 15 ապրիլ, մինչ Փորթուգալի մէջ առանց հանդիսատեսներու մրցումներու դրութիւնը պիտի շարունակուի ցնոր տնօրինում: «Քորոնա» ժահրին պատճառով Իտալիոյ կառավարութիւնը որոշեց «Քալչիօ»-ի մրցումները ամբողջութեամբ սառեցնել: Իսկ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի...

Թոքիօ-2020. «Ճափոն Մտադիր Չէ Ողիմպիական Խաղերը Յետաձգել» Ըսաւ Սէյքօ Հաշիմոթօ

Ճափոնի կառավարութիւնը երբեք չի ծրագրեր Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերը յետաձգել «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Այս ուղղութեամբ պաշտօնական յայտարարութիւն մը կատարեց խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի գլխաւոր պատասխանատու, նախարար Սէյքօ Հաշիմոթօ: «Չորս տարին անգամ մը կատարուելիք մարզական այս կարեւոր իրադարձութեան յետաձգումը կամ աւելի առաջ երթալով անոր ջնջումը անհաւանական եւ նոյնիսկ անընդունելի է: Մարզիկները կը շարունակեն մեծ թափով պատրաստուիլ անոր», ըսաւ կին նախարարը: Ողիմպիական խաղերուն...

Ծանրաբարձութիւն. Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ

«Քորոնա» ժահրին պատճառով Եւրոպայի ծանրաբարձութեան ախոյեանութիւնը յետաձգուեցաւ, երէկ յայտնեց ծանրաբարձութեան միջազգային ֆետերասիոնը: Սկզբունքով այս ախոյեանութիւնը տեղի պիտի ունենար 2-14 ապրիլին, Մոսկուայի մէջ: Անիկա յետաձգուեցաւ յունիսին (13-21):

Սամպօ. Եւրոպայի Պատանեկան Եւ Երիտասարդական Ախոյեանութիւնները Յետաձգուեցան Անորոշ Թուականով

Հայաստանի սամպոյի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ Եւրոպայի սամպոյի պատանեկան եւ երիտասարդական ախոյեանութիւնները յետաձգուեցան անորոշ թուականով: Անոնք տեղի պիտի ունենային 9-13 ապրիլին, Պուլկարիոյ մէջ: Միջազգային սամպոյի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով չ՛ուզեր վտանգել մարզիկներուն կեանքը: Ասկէ մեկնելով, ֆետերասիոնը այդ ախոյեանութիւններուն յետաձգումը կը նկատէ աւելի յարմար:  

«Էն. Պի. Էյ.». Պոսթըն Սելթիքս Եւս Ապահովեց Փլէյ Օֆի Մրցումներուն Իր Տոմսը

Երէկ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուեցան 9 մրցումներ: Պոսթըն Սելթիքս, որ հիւրը եղաւ Ինտիանա Փէյսըրզին, արձանագրեց 114-111 արդիւնքով յաղթանակ մը: Իր արձանագրած այս յաղթանակին շնորհիւ, Սելթիքս այսպիսով հանդիսացաւ չորրորդ խումբը, որ ապահովեց փլէյ օֆի մրցումներուն իր տոմսը (արեւելեան շրջան): Անկէ առաջ իրենց տոմսերը ապահոված էին Միլուոքի Պաքս, Թորոնթօ Ռեփթըրզ (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան):...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան Շեշտեց Նախարարութեան Հրամանագիրը Լաւապէս Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

Ինչպէս ծանօթ է, հինգշաբթի, 5 մարտ 2020-ին, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան հրապարակեց յատուկ հրամանագիր մը, ըստ որուն, մինչեւ մարտ ամսուան աւարտը կը դադրին ամէն տեսակի մարզական, երիտասարդական եւ սկաուտական գործունէութիւնները անխտիր` աշխարհի եւ Լիբանանի մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նախարարը երէկ անգամ մը եւս եկաւ յիշեցնելու մարզական ֆետերասիոններուն, միութիւններուն, մարզական ակումբներուն, երիտասարդական եւ սկաուտական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններուն,...

Թենիս. Լիբանան Երեք Դիրքի Ոստում Մը Արձանագրեց

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած նոր դասաւորման մէջ, Լիբանան երեք դիրքի ոստում արձանագրելով բարձրացաւ 36-րդ դիրք: Դիրքի այս բարձրացումը բնականաբար տեղի ունեցաւ շնորհիւ նախորդ շաբաթավերջին Թայլանտի դէմ Լիբանանի արձանագրած յաղթանակին (3-1), Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ տեղի ունեցած «Տէյվիս-Քափ»-ի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Ինչ կը վերաբերի Թայլանտի, անիկա 42-րդ դիրքէն նահանջեց 48-րդ դիրք: Արաբական երկիրներու դասաւորման մէջ, Լիբանան կը շարունակէ գրաւել...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.».  «Սփիտ Թեսթ»-ի Ա. Հանգրուանի Մրցումին Մասնակցեցան 47 Վարորդներ

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». «Սփիտ Թեսթ»-ի Ա. Հանգրուանի Մրցումին Մասնակցեցան 47 Վարորդներ

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, կիրակի, 8 մարտին, «Ար. Փի. Էմ.»-ի վազքուղիին վրայ (Մթէյն) տեղի ունեցաւ Լիբանանի «Սփիտ-թեսթ»-ի մրցումը` մասնակցութեամբ 47 վարորդներու: Արհեստավարժներու մրցումին առաջին դիրքը գրաւեց Փոլ Քըսսայֆի («Միթսուպիշի Լենսըր-Էվօ-9»): «Սուփըր սերիզ»-ի առաջին դիրքը գրաւեց Զաւիէ Մասաատ («Էվօ-7»), մինչ «Սթրիթ»-ի դասակարգին մէջ առաջին հանդիսացաւ Շատի Ապու Ասի («Փեժօ 205, Ճի. Թի. Էյ.»): Աղջկանց «Սուփըր սերիզ»-ի առաջին դիրքը գրաւեց Էմիլի...

Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Հաւաքականը Ունեցաւ Իր Նոր Գլխաւոր Մարզիչը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ 64 տարեկան սպանացի Խուաքին Քապարոս նշանակուեցաւ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ: Պայմանագիրը նախատեսուած է մինչեւ 30 նոյեմբեր 2021: Քապարոս ծնած է 15 հոկտեմբեր 1955-ին, սպանական Ութրերա քաղաքին մէջ: Ան եղած է սպանական աւելի քան տասը ակումբներու մարզիչ: Անոր վերջին ակումբն էր Սեւիլլան: 2019-ին ան Սեւիլլա նահանգին կողմէ պարգեւատրուեցաւ ոսկիէ մետալով: Հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի...

Արթուր Ազարեան` Օլիմփիաքոս – Վուլվզ Մրցումին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Պատուիրակ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը հաղորդեց, որ ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Արթուր Ազարեան նշանակուեցաւ Օլիմփիաքոս-Վուլվզ մրցումի «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի պատուիրակ: Այս մրցումը կ՛իյնայ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ: Յունաստանի «Քարայիսքաքի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք այս ճակատումը սկիզբ պիտի առնէ ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:  

Page 615 of 1279 1 … 614 615 616 … 1,279

Արխիւներ