Իտալիոյ վարչապետ Ճիուզեփփէ Քոնթէ երէկ հրամանագիր մը ստորագրեց երկրին մէջ տեղի ունեցող մարզական բոլոր տեսակի միջոցառումները անմիջապէս դադրեցնելու առնչութեամբ:
Այս որոշումը ուժի մէջ է մինչեւ 3 ապրիլ: Բայց եւ այնպէս, անհրաժեշտութեան պարագային, այդ ժամկէտը կրնայ երկարաձգուիլ:
Ինչ կը վերաբերի Իտալիոյ մէջ կատարուելիք «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն, անոնց գծով «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն աւելի ուշ պաշտօնական յայտարարութիւն մը պիտի հրապարակէ: