Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի դասաւորման առաջին դիրքին վրայ գտնուող Լիվըրփուլ 31-րդ հանգրուանին կրնայ երկրի ախոյեան հռչակուիլ:
Եթէ 30-րդ եւ 31-րդ հանգրուանի մրցումներուն մարզիչ Եիւրկըն Քլոփի կազմը յաղթանակ արձանագրէ յաջորդաբար Քրիսթալ Փալասի եւ Էվըրթընի դէմ, պիտի հռչակուի 2019-2020 տարեշրջանի ախոյեան:
Լիվըրփուլ, որ այժմ ունի 82 կէտ, 25 կէտով կը գերազանցէ մրցում մը նուազ կատարած եւ երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Մանչեսթըր Սիթին: