Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Ռոնալտինիօ եւ անոր եղբայրները ազատ արձակուելէ քանի մը ժամ ետք դարձեալ ձերբակալուեցան, յայտնեց պրազիլեան մամուլը:
Փարակուէյի դատարանը չուզեց ազատ արձակել երկու եղբայրները, որոնք փարակուէյեան կեղծ անձնագիր գործածած էին:
Կեղծ անձնագիր գործածելուն իբրեւ պատիժ մեղաւորը կա՛մ հսկայական տուգանք պէտք է վճարէ, կամ ալ մէկ տարիով բանտարկուի:
Նշուեցաւ նաեւ, որ եթէ Ռոնալտինիոյի դատավարութիւնը սկսի, անիկա կրնայ տեւել վեց ամիս:
Այժմ Ռոնալտինիոն եւ իր եղբայրը բանտարկուած են: