Մարզական

Թենիս. «Ինտիըն Ուելզ»-ի Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնները` «Էյ. Թի. Փի.»-ն եւ «ՏԱՊԸԼԻՈՒ. Թի. Էյ.»-ը, որոշեցին յետաձգել թենիսի «Ինտիըն Ուելզ»-ի միջազգային մրցաշարքը, որ սկզբունքով պիտի սկսէր երէկ, Քալիֆորնիոյ մէջ (Միացեալ Նահանգներ): Նշուեցաւ, որ կազմակերպիչները մտադիր են մրցաշարքը կայացնել աւելի ուշ:

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Յաղթական` Լոս Անճելըսի Տերպիին

«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցան 11 ճակատումներ: Լոս Անճելըս քաղաքի տերպիի մրցումին յաղթական դուրս եկաւ Լէյքըրզ, որ Քլիփըրզի դաշտին վրայ արձանագրեց 112-103 արդիւնքով յաղթանակ մը: Լոս Անճելըս քաղաքի տերպիէն Յաղթական կազմէն Անթոնի Տէյվիս նշանակեց 30 կէտ: Տալասի մէջ, Մավըրիքս 112-109 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց իր հիւրէն` Ինտիանա Փէյսըրզէն, հակառակ անոր որ Լուքա Տոնքիչ (Մավըրիքս) նշանակեց...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Լիբանան Յաղթեց Թայլանտին (3-1) Եւ Մնաց Ա. Դասակարգին Մէջ

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան Յաղթեց Թայլանտին (3-1) Եւ Մնաց Ա. Դասակարգին Մէջ

Նախորդ շաբաթավերջին «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի մէջ (Քասլիք) տեղի ունեցաւ Լիբանան - Թայլանտ ճակատումը, որ կ՛իյնայ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասի մրցաշարքին ծիրին մէջ: Մնալու համար այս ցամաքամասի Ա. դասակարգին մէջ, Լիբանան կարիքը ունէր յաղթանակի, այլապէս պիտի փոխադրուէր Բ. դասակարգ: Ներկայութեամբ մեծաթիւ համակիրներու, Լիբանանի կազմը 3-1 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին եւ այսպիսով ապահովեց իր դիրքը` այս դասակարգին մէջ:...

Հայկական Ֆութպոլ. Նոա – Փիւնիկ` 4-2. Արարատ – Արմենիա` Առաջին

Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի մրցումները: Երեւանի «Նայիրի» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին, Նոա 4-2 արդիւնքով յաղթեց Փիւնիկին: Այս վերջինէն տուպլէ մը իրագործեց` Արազ Օզպիլիս (44-րդ` փենալթիով եւ 55-րդ): Նոայի կոլերը նշանակեցին անոր երեք օտարականները: Ուրարտու 3-0 արդիւնքով յաղթեց Երեւանին, մինչ Արմենիա - Արարատ` Շիրակին: Այս հանգրուանի վերջին մրցումին, Արարատ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը...

Հայկական Ֆութպոլ. Լոռիի Ֆութպոլիստները Այսուհետեւ Պիտի Չկրեն Թիւ 12 Մարզաշապիկը

Վանաձորի Լոռին որոշեց այսուհետեւ ակումբին ֆութպոլիստներուն մարզաշապիկներուն վրայ չտեղադրել թիւ 12 համարը, որովհետեւ ակումբին ղեկավարութիւնը ուզեց այդ թիւ 12 մարզաշապիկները տրամադրել ակումբին երկու համակիրներուն` Էրիքին եւ Աղասին: «Վերջին մէկ տարուան ընթացքին ակումբին հիմնադրման եւ զարգացման գործին մէջ մեծ ներդրումին եւ անոնց աշխատանքին համար անակնկալ մը ուզեցինք մատուցել այդ երկու համակիրներուն», նշուեցաւ ակումբին ղեկավարութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:  

«Լա Լիկա». Պարսելոնա Յաղթեց, Ռէալ Մատրիտ Պարտուեցաւ

Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Լա լիկա»-ի 27-րդ հանգրուանի մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ դարձեալ փոփոխութիւն կատարուեցաւ: Ռէալ Պեթիս - Ռէալ Մատրիտ մրցումէն Պարսելոնա, որ յաղթեց իր հիւրին` Ռէալ Սոսիետատին (1-0), գրաւեց առաջին դիրքը` օգտուելով Ռէալ Մատրիտի կրած պարտութենէն, որ երէկ գիշեր 2-1 արդիւնքով տեղի տուաւ Ռէալ Պեթիսի դաշտին վրայ: Իր արձանագրած յաղթանակէն ետք, Պարսելոնա, որ ունեցաւ 58 կէտ,...

«Քալչիօ». Եուվենթուս Յաղթեց Ինթեր Միլանին Եւ Գրաւեց Դասաւորման Առաջին Դիրքը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի 26-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան միայն հինգ մրցումներ, բոլորն ալ` դռնփակ, առանց համակիրներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Եուվենթուս - Ինթեր Միլան մրցումէն Եուվենթուս, որ հիւրընկալեց Ինթեր Միլանը, 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, Լացիօ Ռոմայէն խլեց պարագլուխի դիրքը` կէտի մը առաւելութիւն ունենալով անոր վրայ: Աարոն Ռամսի (55-րդ) եւ Փաուլօ Տիպալա (67-րդ) նշանակեցին Եուվէի կոլերը: Ա. Սէ. Միլան...

«Փրեմիեր Լիկ». Լիվըրփուլ` Յաղթական. Մանչեսթըր Եունայթըտ – Մանչեսթըր Սիթի` 2-0

Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Փրեմիեր լիկ»-ի 29-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Լիվըրփուլ ամրապնդեց պարագլուխի իր դիրքը` 2-1 արդիւնքով յաղթելով Պուրնըմաութին (18-րդ): Մոհամետ Սալահ (25-րդ) եւ Սատիօ Մանէ (33-րդ) նշանակեցին Լիվըրփուլի կոլերը: Մանչեսթըր քաղաքի տերպիէն Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին, որ տեղի ունեցաւ «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ, իրարու դէմ ճակատեցան Եունայթըտ եւ Սիթի: Մրցումը աւարտեցաւ 2-0 արդիւնքով` ի նպաստ Եունայթըտի: Էնթընի Մարթիալ նշանակեց Եունայթըտի առաջին կոլը...

«Պունտըսլիկա» Պայէրն Միւնիխ Առաջին Դիրքին Վրայ` 4 Կէտի Առաւելութեամբ

Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Պունտըսլիկա»-ի 25-րդ հանգրուանի մրցումներուն, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պայէրն Միւնիխ երէկ 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց իր հիւրին` Օկզպուրկի դէմ: Պայէրնի կոլերը նշանակեցին Թոմաս Միւլըր (53-րդ) եւ Լէոն Կորեթցքա (90-րդ)` 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան: Պայէրն, որ այժմ ունի 55 կէտ, 4 կէտի առաւելութեամբ կը գերազանցէ Պորուսիա Տորթմունտը, որ 2-1 արդիւնքով յաղթելով Պորուսիա Մէօնշընկլատպախին, գրաւեց Լայփցիկի դիրքը: Վերջինը...

Արժանթինեան Ֆութպոլ. Պոքա Ժունիորզ Ախոյեան` 34-րդ Անգամ Ըլլալով

Արժանթինի ֆութպոլի ախոյեանութեան 23-րդ եւ վերջին հանգրուանի մրցումներուն, Պոքա Ժունիորզ, որ հիւրընկալեց Տիեկօ Մարատոնայի գլխաւորած խումբը` Կիմնասիան, արձանագրելով 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, հանդիսացաւ երկրի ախոյեան` իր պատմութեան մէջ 34-րդ անգամ ըլլալով: Մրցումին միակ կոլը նշանակեց Քարլոս Թեւեզ` 72-րդ վայրկեանին: Ռիվըր Փլէյթ, որուն կը պատկանի մրցանիշը (36 անգամ), գրաւեց երկրորդ դիրքը` 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրելով Աթլեթիքօ Թուքումանի դաշտին վրայ: Պոքա...

Իտալական Ֆութպոլ. Նովարայի Սեփականատէրը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Իտալական մարզական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող Նովարա ակումբին սեփականատէրը` Մաուրիցիօ Ռուլօ, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան Գերմանիայէն վերադառնալով օդակայանին մէջ ենթարկուած է քննութիւններու: Այդ քննութիւններուն արդիւնքը տուած է դրական պատասխան:    

Մարտ Ամսուան Ընթացքին. «Քալչիօ»-ի Խումբերուն Վնասը` 28 Միլիոն Եւրօ

Ինչպէս ծանօթ է, մարտ ամսուան ընթացքին Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` «Քալչիօ»-ի բոլոր մրցումները տեղի պիտի ունենան առանց համակիրներու, «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Իտալական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին յայտնեց, այս ամսուան ընթացքին մրցումներուն դռնփակ տեղի ունենալուն պատճառով խումբերուն վնասը կը գնահատուի 28 միլիոն եւրոյով: Ամէնէն մեծ վնասը պիտի կրէ ախոյեան Եուվենթուս (12,3 միլիոն եւրօ): Ա. Սէ. Միլանի վնասը կը գնահատուի 3,4 միլիոն եւրոյով,...

«Էն. Պի. Էյ.». Լէյքըրզ Եւ Ռեփթըրզ Եւս Ապահովեցին Փլէյ-Օֆի Մրցումներուն Իրենց Տոմսերը

Նախորդ շաբաթավերջին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կատարուած մրցումներուն արդիւնքներուն լոյսին տակ, Թորոնթօ Ռեփըրզ (արեւելեան շրջան) եւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզ (արեւմտեան շրջան) եւս ապահովեցին փլէ օֆի մրցումներուն իրենց տոմսերը` հետեւելով Միլուոքի Պաքսի (արեւելեան շրջան) օրինակին, որ հանդիսացած էր իր տոմսը ապահոված առաջին խումբը: Ճէյմս Հարտեն Լոս Անճելըսի մէջ, Լէյքըրզ 113-103 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին` Պաքսին: Լեպրոն Ճէյմս (Լէյքըրզ)...

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով.  Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեանի Հրամանագիրով. Լիբանանի Մէջ Մինչեւ Մարտ Ամսուան Աւարտը Բոլոր Տեսակի Մարզական Իրադարձութիւնները Կը Դադարին

Գործակցութեամբ առողջապահութեան նախարարութեան, Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան լիբանանեան մարզական ֆետերասիոններուն, միութիւններուն, մարզական ակումբներուն, երիտասարդական եւ սկաուտական բոլոր տեսակի կազմակերպութիւններուն յղեց յատուկ հրամանագիր մը, ըստ որուն, Լիբանանի մէջ մինչեւ մարտ ամսուան աւարտը կը դադրին ամէն տեսակի մարզական իրադարձութիւնները անխտիր` աշխարհի եւ Լիբանանի մէջ տարածուած «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Նախարարութիւնը բոլորին կողմէ այս որոշումին գործադրութիւնը կը նկատէ շատ կարեւոր եւ...

Թենիս. «Տէյվիս Քափ».  Լիբանան 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Թայլանտը

Թենիս. «Տէյվիս Քափ». Լիբանան 1-0 Արդիւնքով Գերազանցեց Թայլանտը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի (Քասլիք) թենիսի դաշտերուն վրայ, երէկ սկսաւ թենիսի «Տէյվիս Քափ»-ի, Լիբանան - Թայլանտ մրցաշարքը, որ կ՛իյնայ Ասիա - Ովկիանիա ցամաքամասին մէջ կատարուող մրցումներուն ծիրին մէջ: Լիբանան, որ դասուած է առաջին` արաբական աշխարհին մէջ, իսկ 39-րդ` միջազգային գետնի վրայ, 1-0 արդիւնքով գերազանցեց իր մրցակիցը` (42-րդ): PROFOTO Լիբանանի խումբին մաս կազմող Պենժամին Հասան, որ դասուած է առաջին` իր խմբակիցներուն...

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Աղջկանց Հաւաքականը 1-1 Արդիւնքով Հաւասարութիւն Մը Արձանագրեց Լիթուանիոյ Հետ

Երէկ` ուրբաթ, 6 մարտին, Հայաստանի ֆութպոլի աղջկանց հաւաքականը, իր վերստեղծումէն ետք կատարեց իր երկրորդ բարեկամական մրցումը, դարձեալ մրցելով Լիթուանիոյ դէմ: Փիւնիկի մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին, հայրենի կազմը արձանագրեց 1-1 արդիւնքով հաւասարութիւն մը: 24-րդ վայրկեանին Մարալ Արթին նշանակեց Հայաստանի կոլը: 51-րդ վայրկեանին հիւր կազմը նշանակեց իր հաւասարութեան կոլը: Երկու կազմերուն միջեւ կատարուած առաջին մրցումին, Հայաստան 1-0 արդիւնքով պարտութիւն մը կրած...

Հայկական Ֆութպոլ. Գանձասար Կապան – Ալաշկերտ` 2-2

Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 17-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, երէկ ֆութպոլի ակադեմիայի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ Գանձասար Կապան - Ալաշկերտ հանդիպումը: Անիկա աւարտեցաւ 2-2 հաւասարութեամբ: Ալաշկերտի կոլերը նշանակեցին Կուսթաւօ Մարմենթինի Տոս Սանթոս (10-րդ) եւ Դաւիթ Կաթիկոյեւ (37-րդ), իսկ Գանձասարի կոլերը` Վասպուրակ Մինասեան (13-րդ) եւ Արտակ Գրիգորեան (73-րդ` սխալմամբ իր բերդին մէջ): Այսօր տեղի կ՛ունենան երեք ճակատումներ, իսկ վաղը` ճակատում մը,...

Եւրոպական Ֆութպոլ.  Վաղը Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի Դաշտին Վրայ

Եւրոպական Ֆութպոլ. Վաղը Մանչեսթըր Քաղաքի Տերպին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի Դաշտին Վրայ

Այս շաբաթավերջին կատարուելիք եւրոպական ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը Անգլիոյ մէջ տեղի պիտի ունենայ բաւական հետաքրքրական ճակատում մը, որուն ընթացքին Մանչեսթըր քաղաքի տերպիի մրցումին իր դաշտին` «Օլտ Թրեֆորտ»-ի մէջ Եունայթըտ պիտի հիւրընկալէ Սիթին: Սպանիոյ մէջ, Պարսելոնա այսօր կը հիւրընկալէ Ռէալ Սոսիետատը, մինչ վաղը Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Ռէալ Պեթիսին: Իտալիոյ մէջ, պարագլուխի դիրքը գրաւող Լացիօ Ռոմա հիւրը պիտի...

Ինթեր Միլան 100 Հազար Եւրօ Յատկացուց «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին

Ինթեր Միլանի ղեկավարութիւնը նիւթական աջակցութիւն տրամադրեց Միլանոյի հիւանդանոցներէն մէկուն, որ աշխատանք կը տանի «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթ ստեղծելու համար: Ինթեր 100 հազար եւրօ յատկացուց Միլանոյի «Լուիճի Սաքքօ» հիւանդանոցին: Ան անհրաժեշտութեան պարագային պատրաստ է յաւելեալ գումար տրամադրելու նոյն նպատակին: Ինթեր Միլանի նախագահ Սթիւըն Զհանկ (չինացի առեւտրական) յայտնեց, որ մենք պարտք կը նկատենք նիւթական օժանդակութիւն յատկացնել` այդ ժահրին տարածումը արգիլելու համար:  

Էտեն Հազար Ենթարկուեցաւ Յաջող Վիրաբուժութեան Միացեալ Նահանգներու Մէջ

Ռէալ Մատրիտի պելճիքացի յառաջապահ Էտեն Հազար Միացեալ Նահանգներու մէջ ենթարկուեցաւ յաջող վիրաբուժութեան, յայտնեց արքայական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 29 տարեկան ֆութպոլիստին վիրաբուժութեան ներկայ գտնուեցան նաեւ Ռէալի բժշկական անձնակազմին ներկայացուցիչները: Ան յառաջիկայ շաբաթ կը վերադառնայ Մատրիտ, ուր կը սկսի անոր ապաքինման փուլը: Թէեւ անոր համար այս տարեշրջանը վերջ գտաւ, սակայն շատ հաւանական է, որ ան մինչեւ Եւրօ-2020-ի ախոյեանութեան մեկնարկը լաւապէս ապաքինած ըլլայ:...

Page 617 of 1279 1 … 616 617 618 … 1,279

Արխիւներ