Աշխարհի մեծ մասին մէջ տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով, «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքերուն ընթացքին մարզիկներուն ձեռնուիլը բացարձակապէս արգիլուած է, յայտարարեց «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն:
Այս ձեւով նշեալ կազմակերպութիւնը պիտի փորձէ «Քորոնա»-ին յաւելեալ տարածումին առաջքը առնել:
Եւրոպայի տարածքին շարք մը մրցաշարքեր պիտի կատարուին առանց ֆութպոլի համակիրներու:



