Իտալական մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ղեկավարութիւնը որոշեց իտալացի իրաւարարները ժամանակաւորապէս զրկել եւրոպական երկու գլխաւոր մրցաշարքերուն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցումներուն իրաւարարները ըլլալէ իրաւունքէն:
Նկատի ունենալով, որ Իտալիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրը բաւական տարածուած է, այս ձեւով վերոնշեալ կազմակերպութիւնը կը մտածէ անոր տարածումը որոշակի կերպով դանդաղեցնել:
Նախապէս, այլ յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի նախագահ Ալեքսանտր Զեֆերին յայտարարած էր, որ վերոնշեալ երկու մրցաշարքերուն մրցումները պիտի չյետաձգուին: Սակայն այն մրցումները որոնց կը մասնակցին իտալական խումբերը, պիտի կատարուին առանց համակիրներու: