Օրէ օր աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը արագ մագլցում կ՛արձանագրէ, հակառակ անոր որ մարդիկ իրենց ամէն կարելին կ՛ընեն այդ հիւանդութենէն չվարակուելու համար:
Երէկ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, որ Օլիմփիաքոսի եւ Նոթինկհամ Ֆորեսթի սեփականատէր Էվանկելոս Մարինաքիս վարակուած է այս հիւանդութեամբ:
52 տարեկան յոյն առեւտրականը, առանց իր վարակման լուրը գաղտնի պահելու, հրապարակաւ յայտարարեց, որ այդ հիւանդութիւնը զինք եւս թիրախ դարձուցած է, եւ ինք կը հետեւի բժիշկներուն ցուցմունքներուն: