Մարզական

Պրազիլի Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Եւս Դադրեցաւ

Հակառակ անոր որ մինչեւ նախորդ շաբաթավերջը տեղի կ՛ունենային Պրազիլի ֆութպոլի տարբեր դասակարգերու ախոյեանութիւնները, սակայն երէկ երկրին ֆետերասիոնին որոշումով անոնք եւս այլ երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման դադրեցան: Ըստ պրազիլական մամուլին, անոնք յետաձգուեցան մինչեւ մայիս: Մինչեւ երէկ, Պրազիլի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը հասած էր աւելի քան 200-ի:

Ռոնալտինիօ Կը Շարունակէ Մնալ Բանտարկուած

Պրազիլի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին յառաջապահ, աշխարհի նախկին ախոյեան Ռոնալտինիօ կը շարունակէ մնալ բանտարկուած Ասունսիոնի մէջ (Փարակուէյ): Երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին, անոր այցելեց Փարակուէյի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին ֆութպոլիստ Նելսոն Քուեւաս: Վերջինս անոր հետ հանդիպելէ ետք իր կատարած յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ. «Ան շատ տխուր վիճակի մէջ կը գտնուի: Յոյսով եմ, որ ան շուտով դուրս կու գայ բանտէն»: Ըստ միջազգային մարզական...

Սուարեզ Արագօրէն Կ՛ապաքինի

Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ ապրիլին կրնայ միանալ իր ակումբին խմբակիցներուն` նկատի ունենալով, որ անոր ապաքինումը տեղի կ՛ունենայ սպասուածէն շատ աւելի արագ ձեւով: Սուարեզ, որ նախորդ յունուարին վիրաւորուած էր եւ ապա վիրաբուժութեան ենթարկուած, սկզբնական շրջանին կը կարծուէր, որ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ նուազագոյնը չորս ամիս ետք: Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ 23 մրցումի ընթացքին նշանակած...

Կռփամարտ. Գոռ Ներսիսեան Յաղթական` Իր Կատարած Առաջին Ճակատումին

Նախորդ շաբաթավերջին Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) սկսաւ Թոքիօ-2020-ի ամառնային ողիմպիական խաղերուն կռփամարտի վարկանշային մրցաշարքը: Եւրոպական խաղերու պրոնզէ մետալակիր Գոռ Ներսիսեան իր ելոյթներուն սկսաւ յաղթանակով, երբ 81 քկ դասակարգին մէջ յաղթանակ արձանագրեց չեխ Քարել Հորեսիեքի դէմ: Հայ մարզիկը, 2-րդ ռաունտին նաք աութի ենթարկեց իր մրցակիցը: 3-րդ ռաունտին իրաւարարները դադրեցուցին այս ճակատումը, որովհետեւ Ներսիսեան վնասուածք ստացաւ: Սակայն նկատի ունենալով, որ Ներսիսեան կէտերու զգալի...

Հայկական Ֆութպոլ. Ուրարտու Դադրեցուց Իր Աշխատանքը

Ուրարտու ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ մինչեւ 18 մարտ ակումբին մարզահամալիրին մէջ կը դադրին բոլոր տեսակի փորձերն ու աշխատանքները («Քորոնա» ժահրին պատճառով): Վերոնշեալ թուականէն ետք աշխատանքներու դադրեցումի այդ որոշումը կրնայ երկարաձգուիլ, երբ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակէ եւրոպական բոլոր երկիրներուն ախոյեանութիւններուն գծով: Ուրարտուի սեփականատէր Ջեւան Չելոյեանց եկաւ այս եզրակացութեան, ժողով-հանդիպում մը կատարելէ...

Տիգրան Բարսեղեանի Առաջին Կոլը` Ասթանայի Հետ

Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա, որ հիւրը եղաւ Քասփյի Աքթոյի, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան` 18-րդ վայրկեանին: Բարսեղեան, որ վերջերս միացած էր Ասթանայի, այսպիսով իր առաջին կոլը նշանակեց իր կազմին հետ, պաշտօնական մրցումի մը ընթացքին:

Ղազախական Ֆութպոլ. Պետրոս Աւետիսեանի Առաջին Մրցումը` Թոպոլի Հետ

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Պետրոս Աւետիսեան նախորդ շաբաթավերջին մասնակցեցաւ Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումին, երբ անոր կազմը` Թոպոլ Քոսթոնայ, հիւրը եղաւ Ժեթիսուին: Մրցումը աւարտեցաւ 0-0 արդիւնքով: Հայրենի ֆութպոլիստը, որ վերջերս տեղափոխուեցաւ Թոպոլ, դաշտ ներկայացաւ մրցումին 90-րդ վայրկեանին: Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումները ցարդ չեն դադրած:

Ռոնալտօ Փորթուգալի Իր Պանդոկները Անվճար Կը Տրամադրէ` Զանոնք Ժամանակաւոր Հիւանդանոցներու Վերածելու

Իտալական Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ շաբաթավերջին ըսաւ, որ Փորթուգալի մէջ գտնուող իր պանդոկները անվճար կը տրամադրէ` զանոնք ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածելու համար, որպէսզի դիւրացնէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն բուժումը: Բացի ատկէ, ան պիտի վճարէ բժիշկներուն եւ աշխատակիցներուն աշխատավարձը` առողջապահական մեկուսացումի ժամանակ: 35 տարեկան Ռոնալտօ այժմ կը գտնուի իր ծննդավայրին մէջ` Մատէյրա: «Մարքա» կը հաղորդէ, որ ան...

Վալենսիայի Ֆութպոլիստը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական Վալենսիայի յետսապահ Էզեքիել Կարայի ենթարկուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, եւ ի յայտ եկած է, որ ան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: 33 տարեկան արժանթինցին այսպիսով կը հանդիսանայ «Լա լիկա»-ի առաջին ֆութպոլիստը, որ կը վարակուի այս ժահրով: Նախապէս վիրաւոր Կարա վերականգնողական հանգրուանի մէջ էր եւ իր խմբակիցներուն հետ շփումի մէջ չէր: Ան յայտնեց, որ ինքզինք լաւ կը զգայ: Աւելի ուշ...

Մեքսիքայի, Թուրքիոյ Եւ Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնները Կը Շարունակուին

Միջազգային մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ հակառակ անոր որ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին տարածումը արագ մագլցում կ՛արձանագրէ, եւ մարդիկ կը մահանան, սակայն Մեքսիքայի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնները կը շարունակուին: Վերոնշեալ երկիրներուն մէջ որոշած են մրցումները կատարել առանց հանդիսատեսներու, սակայն զանոնք դադրեցնելու նպատակ չունին: Սերպիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ եւս մրցումներ կը կատարուին:  

Եւրօ-2020. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն Կը Քննարկէ Մրցաշարքը Դեկտեմբերին Կայացնելու Տարբերակը

Վաղը` երեքշաբթի, 17 մարտին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր գումարելիք նիստին շատ հաւանաբար վճռէ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ճակատագիրը: Ըստ անգլիական «Տը Թելեկրաֆ»-ի, կազմակերպութիւնը կը քննարկէ մրցաշարքը դեկտեմբերին կայացնելու կարելիութիւնը: Եթէ այս որոշումը ընդունի, այդ ձեւով առիթ պիտի տրուի բոլոր երկիրներու ախոյեանութիւններուն յետաձգուած մրցումները եւ մրցաշարքերը աւարտել մինչեւ յունիս - յուլիս: Եւրոպական շարք մը օրաթերթեր հաղորդեցին, որ անիկա շատ հաւանաբար տեղի...

Պարսելոնա Համաձայնութեան Եկաւ Լաութարօ Մարթինեզի Հետ

Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան եկաւ Ինթեր Միլանի արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզի հետ եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին ձեռք պիտի ձգէ անոր ստորագրութիւնը, յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»: Անիկա 22 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար պիտի վճարէ 65 միլիոն եւրօ եւ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 17 միլիոն եւրօ: Նոյնքան աշխատավարձ կը ստանայ նաեւ ֆրանսացի Անթուան Կրիզման: 2018-ի ամրան արժանթինեան Ռասինկէն Ինթերին միացած Մարթինեզ...

Եուվենթուս Կ՛ուզէ Իր Կազմին Միացնել Հաալանտը

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուս շատ մօտէն հետաքրքրուած է Պորուսիա Տորթմունտի 19 տարեկան նորվեկիացի յառաջապահ Էրլինկ Հաալանտով: «Ֆութպոլ Իտալիա» յայտնեց, որ Եուվենթուսի ղեկավարութիւնը լաւ յարաբերութիւններ ունի ֆութպոլիստի գործակատարին` Մինօ Ռայոլայի հետ եւ յոյս ունի համաձայնութեան գալ այդ գծով: Նախորդ յունուարին իր ակումբը` Սալզպուրկը (Աւստրիա) լքելով ան միացաւ գերմանական ակումբին` փոխան 20 միլիոն եւրոյի: Տորթմունտեան ակումբին հետ իր կնքած պայմանագիրով, յունիս 2022-ին...

Փարիզ Սեն Ժերմեն Պատրաստ Է Ծախելու Նէյմարը

Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը պատրաստ է յառաջիկայ ամառ ծախելու իր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»: Սակայն մայրաքաղաքի կազմը մտադիր չէ ծախել Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէն: Նշուեցաւ, որ Սեն Ժերմեն 28 տարեկան Նէյմարի փոխանցումէն պիտի ստանայ 150 միլիոն եւրօ: Ան շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա: Իսկ 21 տարեկան Մպափէով մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ...

Իտալական Ֆութպոլ.  Ախոյեանութեան Վերսկսումը` Ոչ 3 Մայիսէն Առաջ

Իտալական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Վերսկսումը` Ոչ 3 Մայիսէն Առաջ

Իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը 3 մայիսէն առաջ դժուար թէ վերսկսի: Թէեւ նախորդ շաբաթ յայտարարուեցաւ, որ մինչեւ 3 ապրիլ ախոյեանութիւնը պիտի դադրի «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անիկա դժուար թէ վերսկսի 3 մայիսէն առաջ: Մինչեւ երէկ իտալական ակումբներուն մաս կազմող 11 ֆութպոլիստներ վարակուած էին այս ժահրով: 11 ֆութպոլիստները կը պատկանին հետեւեալ ակումբներուն. Սամտորիա` 7, Ֆիորենթինա` 3 եւ...

«Էն. Պի. Էյ.» Երրորդ Մարզիկ Մըն Ալ Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

«Ի. Էս. Փի. Էն.» երէկ հաղորդեց, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Քրիսթիան Վուտի մօտ եւս յայտնուած է «Քորոնա» ժահրը: Այսպիսով, Տիթրոյիթ Փիսթընզի խաղացողը կը հանդիսանայ երրորդ պասքեթպոլիստը, որ կը վարակուի այս ժահրով: Նախորդ երկուքը եղած էին Եութա Ճեզին մաս կազմող Ռուտի Կոպեր եւ Տոնովել Միչել: Ներկայիս Վուտ կը յայտնէ, որ ինքզինք լաւ կը զգայ, որովհետեւ...

Հայկական Ֆութպոլ. Խոաքին Քափարոս Հասաւ Երեւան

Երէկ` ուրբաթ, 13 մարտին, Երեւան հասաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած սպանացի մարզիչ Խոաքին Քափարոս: Սկզբունքով ան իր ժամանումէն անմիջապէս ետք պիտի տար մամլոյ ասուլիս մը, սակայն վերջինս յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով: Երէկ յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 8-ի: 15 հոկտեմբեր 1955-ին ծնած Քափարոս ֆետերասիոնին հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 30...

Հայկական Ֆութպոլ. Ախոյեանութեան Մրցումները Յետաձգուեցան

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրին տարածքին բոլոր տեսակի ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք բոլոր մրցումները յետաձգուեցան մինչեւ 23 մարտ: Նշուեցաւ, որ մինչեւ վերոնշեալ թուականը մրցումները դադրեցնելէ ետք, պիտի սերտուի կացութիւնը եւ տրուի համապատասխան այլ որոշում մը, այդ մրցումներուն դադրեցումը երկարաձգելու կամ զանոնք վերսկսելու իմաստով:

Հայկական Պասքեթպոլ. Ախոյեանութեան Մրցումները Դադրեցան Կատարուելէ

Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկրին տարածքին բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններն ու բաժակի մրցաշարքի մրցումները կը դադրին կատարուելէ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նկատի առնելով, որ ՖԻՊԱ-ն դադրեցուց ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն կայացումը աշխարհի տարածքին, Հայաստան եւս պիտի հետեւի անոր օրինակին: Հայաստանի ֆետերասիոնը Ա. լիկայի ղեկավարութեան հետ միասին այս իրավիճակին պիտի հետեւի եւ յառաջիկային պիտի...

«Թոքիօ-2020». Միջազգային Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահը Չի Բացառեր Ողիմպիական Խաղերուն Յետաձգումը

Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ յայտարարեց, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը «Քորոնա» ժահրին պատճառով ողիմպիական խաղերը յետաձգելու գծով վերջնական որոշում պիտի տայ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ քննարկումներ ունենալէ ետք: «Եթէ կարիքը զգացուի, «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերը պիտի յետաձգուին: Սակայն մենք ներկայիս կը շարունակենք մեր աշխատանքները` յաջող ողիմպիական մը կազմակերպելու ուղղութեամբ», ըսաւ Պախ: Այլ գետնի վրայ, Ճափոնի իշխանութիւնները նպատակ չունին այս խաղերը...

Page 613 of 1279 1 … 612 613 614 … 1,279

Արխիւներ