Հայաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը երէկ իր հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկրին տարածքին բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններն ու բաժակի մրցաշարքի մրցումները կը դադրին կատարուելէ` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ նկատի առնելով, որ ՖԻՊԱ-ն դադրեցուց ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն կայացումը աշխարհի տարածքին, Հայաստան եւս պիտի հետեւի անոր օրինակին:
Հայաստանի ֆետերասիոնը Ա. լիկայի ղեկավարութեան հետ միասին այս իրավիճակին պիտի հետեւի եւ յառաջիկային պիտի որոշէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ յետաձգուած մրցումներուն ճակատագիրը: