Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով երկրին տարածքին բոլոր տեսակի ախոյեանութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք բոլոր մրցումները յետաձգուեցան մինչեւ 23 մարտ:
Նշուեցաւ, որ մինչեւ վերոնշեալ թուականը մրցումները դադրեցնելէ ետք, պիտի սերտուի կացութիւնը եւ տրուի համապատասխան այլ որոշում մը, այդ մրցումներուն դադրեցումը երկարաձգելու կամ զանոնք վերսկսելու իմաստով: