«Ի. Էս. Փի. Էն.» երէկ հաղորդեց, որ «Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իր մասնակցութիւնը բերող Քրիսթիան Վուտի մօտ եւս յայտնուած է «Քորոնա» ժահրը:
Այսպիսով, Տիթրոյիթ Փիսթընզի խաղացողը կը հանդիսանայ երրորդ պասքեթպոլիստը, որ կը վարակուի այս ժահրով:
Նախորդ երկուքը եղած էին Եութա Ճեզին մաս կազմող Ռուտի Կոպեր եւ Տոնովել Միչել:
Ներկայիս Վուտ կը յայտնէ, որ ինքզինք լաւ կը զգայ, որովհետեւ ժահրը այդքան ալ զօրաւոր չէ յայտնուած անոր մօտ: