Սպանական Վալենսիայի յետսապահ Էզեքիել Կարայի ենթարկուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, եւ ի յայտ եկած է, որ ան վարակուած է «Քորոնա» ժահրով:
33 տարեկան արժանթինցին այսպիսով կը հանդիսանայ «Լա լիկա»-ի առաջին ֆութպոլիստը, որ կը վարակուի այս ժահրով:
Նախապէս վիրաւոր Կարա վերականգնողական հանգրուանի մէջ էր եւ իր խմբակիցներուն հետ շփումի մէջ չէր:
Ան յայտնեց, որ ինքզինք լաւ կը զգայ:
Աւելի ուշ նշուեցաւ, որ անոր չորս խմբակիցները եւս ենթարկուած են անոր ճակատագիրին: