Իտալական «Լա Ռեփուպլիքա» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնը 3 մայիսէն առաջ դժուար թէ վերսկսի:
Թէեւ նախորդ շաբաթ յայտարարուեցաւ, որ մինչեւ 3 ապրիլ ախոյեանութիւնը պիտի դադրի «Քորոնա» ժահրին պատճառով, սակայն անիկա դժուար թէ վերսկսի 3 մայիսէն առաջ:
Մինչեւ երէկ իտալական ակումբներուն մաս կազմող 11 ֆութպոլիստներ վարակուած էին այս ժահրով: 11 ֆութպոլիստները կը պատկանին հետեւեալ ակումբներուն.
Սամտորիա` 7, Ֆիորենթինա` 3 եւ Եուվենթուս` 1: