Իտալական Եուվենթուսի եւ Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քրիսթիանօ Ռոնալտօ նախորդ շաբաթավերջին ըսաւ, որ Փորթուգալի մէջ գտնուող իր պանդոկները անվճար կը տրամադրէ` զանոնք ժամանակաւոր հիւանդանոցներու վերածելու համար, որպէսզի դիւրացնէ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն բուժումը:
Բացի ատկէ, ան պիտի վճարէ բժիշկներուն եւ աշխատակիցներուն աշխատավարձը` առողջապահական մեկուսացումի ժամանակ:
35 տարեկան Ռոնալտօ այժմ կը գտնուի իր ծննդավայրին մէջ` Մատէյրա:
«Մարքա» կը հաղորդէ, որ ան որոշած է չվերադառնալ Իտալիա, մինչեւ առողջապահական մեկուսացումին աւարտը:
Յայտնենք, որ նախորդ շաբաթ անոր ակումբին մաս կազմող Տանիելէ Ռուկանի վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով:
Մինչեւ նախորդ շաբաթավերջ, Փորթուգալի մէջ վարակուածներուն թիւը կ՛անցնէր 170-ը: