Ղազախստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Ասթանա, որ հիւրը եղաւ Քասփյի Աքթոյի, արձանագրեց 3-2 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Յաղթական կազմին երկրորդ կոլը նշանակեց Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Տիգրան Բարսեղեան` 18-րդ վայրկեանին:
Բարսեղեան, որ վերջերս միացած էր Ասթանայի, այսպիսով իր առաջին կոլը նշանակեց իր կազմին հետ, պաշտօնական մրցումի մը ընթացքին: