Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Թոմաս Պախ յայտարարեց, որ իր ղեկավարած կազմակերպութիւնը «Քորոնա» ժահրին պատճառով ողիմպիական խաղերը յետաձգելու գծով վերջնական որոշում պիտի տայ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան հետ քննարկումներ ունենալէ ետք:
«Եթէ կարիքը զգացուի, «Թոքիօ-2020»-ի ողիմպիական խաղերը պիտի յետաձգուին: Սակայն մենք ներկայիս կը շարունակենք մեր աշխատանքները` յաջող ողիմպիական մը կազմակերպելու ուղղութեամբ», ըսաւ Պախ:
Այլ գետնի վրայ, Ճափոնի իշխանութիւնները նպատակ չունին այս խաղերը առանց հանդիսատեսներու հիւրընկալել:
Անդրադառնալով «Քորոնա» ժահրին եւ «Թոքիօ-2020»-ին` Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ ըսաւ, թէ աւելի նպատակայարմար պիտի ըլլայ այս խաղերը յետաձգել եւ զանոնք կատարել 2021-ին: