Վաղը` երեքշաբթի, 17 մարտին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն իր գումարելիք նիստին շատ հաւանաբար վճռէ Եւրօ-2020-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ճակատագիրը:
Ըստ անգլիական «Տը Թելեկրաֆ»-ի, կազմակերպութիւնը կը քննարկէ մրցաշարքը դեկտեմբերին կայացնելու կարելիութիւնը:
Եթէ այս որոշումը ընդունի, այդ ձեւով առիթ պիտի տրուի բոլոր երկիրներու ախոյեանութիւններուն յետաձգուած մրցումները եւ մրցաշարքերը աւարտել մինչեւ յունիս – յուլիս:
Եւրոպական շարք մը օրաթերթեր հաղորդեցին, որ անիկա շատ հաւանաբար տեղի ունենայ 2021-ի ամրան:
Նշենք, որ սկզբունքով Եւրօ-2020-ը տեղի պիտի ունենար 12 յունիսէն 12 յուլիս: