Քաթալոնական Պարսելոնա ֆութպոլի ակումբը համաձայնութեան եկաւ Ինթեր Միլանի արժանթինցի յառաջապահ Լաութարօ Մարթինեզի հետ եւ յառաջիկայ ամրան ընթացքին ձեռք պիտի ձգէ անոր ստորագրութիւնը, յայտնեց «Տէյլի Մէյլ»:
Անիկա 22 տարեկան ֆութպոլիստին փոխանցման համար պիտի վճարէ 65 միլիոն եւրօ եւ անոր տարեկան աշխատավարձը պիտի ըլլայ 17 միլիոն եւրօ: Նոյնքան աշխատավարձ կը ստանայ նաեւ ֆրանսացի Անթուան Կրիզման:
2018-ի ամրան արժանթինեան Ռասինկէն Ինթերին միացած Մարթինեզ ցարդ 31 մրցումի ընթացքին նշանակած է 16 կոլ: