Միջազգային մարզական մամուլը նախորդ շաբաթավերջին հաղորդեց, որ հակառակ անոր որ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին տարածումը արագ մագլցում կ՛արձանագրէ, եւ մարդիկ կը մահանան, սակայն Մեքսիքայի, Թուրքիոյ եւ Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութիւնները կը շարունակուին:
Վերոնշեալ երկիրներուն մէջ որոշած են մրցումները կատարել առանց հանդիսատեսներու, սակայն զանոնք դադրեցնելու նպատակ չունին:
Սերպիոյ եւ Պիելոռուսիոյ մէջ եւս մրցումներ կը կատարուին: