Երէկ` ուրբաթ, 13 մարտին, Երեւան հասաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած սպանացի մարզիչ Խոաքին Քափարոս:
Սկզբունքով ան իր ժամանումէն անմիջապէս ետք պիտի տար մամլոյ ասուլիս մը, սակայն վերջինս յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով:
Երէկ յետմիջօրէին յայտարարուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 8-ի:
15 հոկտեմբեր 1955-ին ծնած Քափարոս ֆետերասիոնին հետ կնքեց պայմանագրութիւն մը, որ նախատեսուած է մինչեւ 30 նոյեմբեր 2021` 2022-ի մոնտիալի զտումի մրցաշարքին աւարտը: