Սպանական մամուլին համաձայն, քաթալոնական Պարսելոնայի ուրուկուէյցի յառաջապահ Լուիս Սուարեզ ապրիլին կրնայ միանալ իր ակումբին խմբակիցներուն` նկատի ունենալով, որ անոր ապաքինումը տեղի կ՛ունենայ սպասուածէն շատ աւելի արագ ձեւով:
Սուարեզ, որ նախորդ յունուարին վիրաւորուած էր եւ ապա վիրաբուժութեան ենթարկուած, սկզբնական շրջանին կը կարծուէր, որ ֆութպոլի դաշտերը պիտի վերադառնայ նուազագոյնը չորս ամիս ետք:
Ան այս տարեշրջանին իր կազմին հետ 23 մրցումի ընթացքին նշանակած է 14 կոլ: