Հակառակ անոր որ մինչեւ նախորդ շաբաթավերջը տեղի կ՛ունենային Պրազիլի ֆութպոլի տարբեր դասակարգերու ախոյեանութիւնները, սակայն երէկ երկրին ֆետերասիոնին որոշումով անոնք եւս այլ երկիրներու ախոյեանութիւններուն նման դադրեցան:
Ըստ պրազիլական մամուլին, անոնք յետաձգուեցան մինչեւ մայիս:
Մինչեւ երէկ, Պրազիլի տարածքին «Քորոնա» ժահրով վարակուողներուն թիւը հասած էր աւելի քան 200-ի: