Մարզական

Իտալական Ֆութպոլ. Սամտորիայի 4 Ֆութպոլիստ Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Իտալական մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ երկրին ֆութպոլի ակումբներէն Սամտորիայի 4 ֆութպոլիստներ վարակուած են «Քորոնա» ժահրով: Այդ չորս ֆութպոլիստներն են` Ալպին Էքտալ, Օմար Քոլի, Նինօ Լակումինա եւ Մորթեն Թորսպայ: Կայ այն մտավախութիւնը, որ այլ ֆութպոլիստներու մօտ ալ այդ ժահրը յայտնաբերուի` անոնց վրայ քննութիւններ կատարելէ ետք:

Լիվըրփուլ Եւ Փարիզ Սեն Ժերմեն Դադրեցուցին Իրենց Փորձերը

Անգլիական Լիվըրփուլ ֆութպոլի ակումբը եւ ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմեն պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ կը դադրեցնեն իրենց փորձերը: Անոնք իրենց մարզիկներուն թելադրեցին մնալ իրենց տուները եւ իրենց փորձերը կատարել առանձին: Երկու ակումբներու այս որոշումին կրնան միանալ այլ ակումբներ ալ:  

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ Լիկ»-ի Եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի Մրցաշարքերուն Մրցումները Յետաձգուեցան

Երէկ յետմիջօրէին «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն յայտարարեց յառաջիկայ շաբաթ «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքերուն գծով տեղի ունենալիք մրցումներուն յետաձգումը: Խօսքը կը վերաբերի 17 ու 18 մարտին (առաջին պարագային) եւ 19 մարտին կատարուելիք մրցումներուն եւ պատանեկան լիկային:  

Չելսիի Ֆութպոլիստը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Լոնտոնեան Չելսի ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին մաս կազմող անգլիացի յառաջապահ Քալում Հաճսըն Օտոյի վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: 19 տարեկան ֆութպոլիստը եւ վերջին օրերուն անոր հետ շփում ունեցած բոլոր մարդիկը, որոնց կարգին` Չելսիի որոշ ֆութպոլիստներ, մեկուսացուած են:

Եւրոպական Ֆութպոլ. Անգլիոյ Եւ Ֆրանսայի Ախոյեանութիւնները Եւս Դադրեցան

Անգլիական «Փրեմիեր լիկ»-ը երէկ յայտարարեց, որ երկրին տարածքին բոլոր դասակարգերու ախոյեանութիւնները կը դադրին մինչեւ 4 ապրիլ: Արսենալի, Չելսիի եւ Էվըրթընի մօտ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը կը կարծուի քիչ մը մտահոգիչ ըլլալ` երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին համար: Ինչ կը վերաբերի Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն, անոնք եւս յետաձգուեցան, առանց սակայն անոնց վերսկսման գծով յստակ թուական մը յայտարարելու:  

Պարսելոնա Դադրեցուց Իր Փորձերը

Քաթալոնական Պարսելոնայի մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ ակումբին բոլոր խումբերուն փորձերը ժամանակաւորապէս կը դադրին տեղի ունենալէ` անորոշ թուականով մը: Աշխատանքի վերսկսման մասին որոշում կը տրուի իրավիճակի փոփոխութենէն ետք: Անդրադառնալով «Լա լիկա»-ի մրցումներուն դադրեցման` սպանական հանրածանօթ մարզական օրաթերթերէն «Մունտօ Տեփորթիւօ» յայտնեց, որ եթէ տարեշրջանը չվերսկսի, ֆութպոլի ակումբներուն վնասը պիտի ըլլայ 678,4 միլիոն եւրօ: Ա. եւ Բ. դասակարգերուն, ուղղակիօրէն պատկերասփռուող մրցումներէն...

«Պունտըսլիկա». Ախոյեանութեան Մրցումները Յետաձգուեցան Մինչեւ 2 Ապրիլ

Գերմանիա հանդիսացաւ վերջին երկիրը, որ որոշեց յետաձգել Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Պունտըսլիկա»-ի մրցումները, մինչեւ 2 ապրիլ: Այս որոշումը տրուեցաւ երէկ յետմիջօրէին, մինչ մինչեւ կէսօր 26-րդ հանգրուանի մրցումները կատարելու ծրագիրը կը մնար ի զօրու: Ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ չեն ուզեր վտանգել որեւէ ֆութպոլիստը, իրաւարարի, մարզիչներու եւ այլ պատասխանատուներու կեանքերը` «Քորոնա» ժահրին պատճառով:

Արսենալի Մարզիչը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Լոնտոնեան Արսենալի գլխաւոր մարզիչ Միկել Արթեթայի` «Քորոնա» ժահրի քննութեան պատասխանը եղած է դրական, երէկ յայտնեց անգլիական մամուլը: Ակումբին ֆութպոլիստները եւ անձնակազմին անդամները, որոնք վերջին շրջանին անոր հետ շփման մէջ եղած են, մեկուսացուած են: Արսենալ ակումբին ամբողջ խումբը պիտի մտնէ առողջապահական մեկուսարանի մէջ: 37 տարեկան սպանացի մարզիչը ըսաւ, որ երբ իրեն արտօնութիւն տրուի, պիտի վերսկսի իր աշխատանքին:  

«Եւրօ-2020». Մրցաշարքը Մէկ Տարիով Կրնայ Յետաձգուիլ

Ֆրանսական «Լ՛Էքիփ» մարզական օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն շատ հաւանական է, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքը մէկ տարիով յետաձգէ եւ զայն կատարէ 2021-ին: Նշուեցաւ, որ կազմակերպութիւնը երեքշաբթի, 17 մարտին պիտի կայացնէ իր համագումարը, որուն արդիւնքին լոյսին տակ պիտի տայ վերջնական որոշում մը: Այս համագումարին պիտի մասնակցին «Եու. Է. Էֆ. Ա».»-ի անդամ 55 ֆետերասիոններուն ներկայացուցիչները: Անիկա տեղի պիտի ունենայ...

«Ֆորմիւլա 1». Տարեշրջանի Առաջին 4 Կրան Փրիները Յետաձգուեցան

Սկզբունքով վաղը` կիրակի, 15 մարտին տեղի պիտի ունենար «Ֆորմիւլա-1»-ի 2020-ի աշխարհի ախոյեանութեան տարեշրջանի առաջին հանգրուանի կրան փրին` աւստրալիական Մելպուռն քաղաքին մէջ: Սակայն կազմակերպիչները երէկ պաշտօնապէս յայտարարեցին, որ ո՛չ միայն առաջին հանգրուանը կը յետաձգուի, այլ նաեւ կը յետաձգուին անոր յաջորդող երեք այլ կրան փրիները, որոնք տեղի պիտի ունենային յաջորդաբար Պահրէյնի (22 մարտ), Վիեթնամի (5 ապրիլ) եւ Չինաստանի (16 ապրիլ) մէջ: Եթէ...

Թոքիօ-2020. Յունաստանի Մէջ Ողիմպիական Խաղերուն Ջահը Վառեցին

Երէկ` հինգշաբթի, 12 մարտին, Յունաստանի մէջ վառեցին Թոքիօ-2020-ի 32-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերուն ջահը: Աշխարհի մէջ հետզհետէ աւելի տարածուող «Քորոնա» ժահրին պատճառով պաշտօնական հանդիսութեան ոչ մէկ հանդիսատես ներկայ էր: Առաջին ջահակիրն էր Ռիոյի 31-րդ ամառնային ողիմպիական խաղերու ախոյեան, ազգութեամբ յոյն նշանառու Աննա Քորաքաքի: 19 մարտին ջահը պիտի ուղղուի Ճափոն: Անիկա մինչեւ 24 յուլիս պիտի շրջագայի երկրին մէջ եւ ապա բերուի ողիմպիական...

Ճատրակ. Կարէն Ասրեանի Յիշատակին Նուիրուած Միջազգային Բաց Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

20-30 յունիսին Երեւանի մէջ Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին կազմակերպած` կրանտմասթըր Կարէն Ասրեանի յիշատակին նուիրուած ճատրակի միջազգային բաց մրցաշարքը յետաձգուեցաւ: Այս մասին պաշտօնապէս յայտարարեց Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Պատճառը ամբողջ աշխարհին մէջ «Քորոնա» ժահրին տարածումն է: Յիշեցնենք, որ կրանտմասթըր Կարէն Ասրեան 9 յունիս 2008-ին յանկարծամահ եղաւ ուղեղային կաթուածի պատճառով:  

Հայկական Ֆութպոլ. Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Այսօր Կը Քննարկէ Ախոյեանութիւնները Յետաձգելու Կամ Շարունակելու Հարցը

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը տեղեկացուց, որ շարք մը քննարկումներէ ետք ցարդ չէ որոշած, թէ ախոյեանութիւններուն գծով ի՛նչ պիտի ըլլայ իր տալիք որոշումը, թէեւ այդ ուղղութեամբ մնայուն կապի մէջ է Հայաստանի առողջապահութեան նախարարութեան եւ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի հետ: Յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ այսօր` ուրբաթ, 13 մարտին, ֆետերասիոնը պիտի գումարէ այլ ժողով մըն ալ, որմէ ետք պիտի տայ...

Գեղասահք. Աշխարհի Ախոյեանութիւնը Յետաձգուեցաւ

Քանատական մամուլը երէկ հաղորդեց, որ գեղասահքի աշխարհի ախոյեանութիւնը, որ սկզբունքով տեղի պիտի ունենար 16-22 մարտին, Մոնրէալի մէջ, յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով: «Քորոնա» ժահրին պատճառով, յետաձգուեցաւ նաեւ աղջկանց աշխարհի Հաքիք ախոյեանութիւնը, որ իր կարգին տեղի պիտի ունենար Քանատայի մէջ: Ըստ քանատական մամուլին, մինչեւ երէկ վերոնշեալ ժահրով վարակուածներուն թիւը կը գնահատուէր 120 հազարով (աշխարհի տարածքին), իսկ մահացողներուն թիւը` չորս հազարով:  

Ըմբշամարտ. Ողիմպիականի Խաղերուն Վարկանշային Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Ըմբշամարտի միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 19-22 մարտին Պուտափեշտի մէջ (Հունգարիա) տեղի ունենալիք ողիմպիական խաղերուն վարկանշային մրցաշարքը յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Շատ հաւանական է, որ անիկա տեղի ունենայ մայիսին: Կը կարծուի, որ նոյն պատճառով պիտի յետաձգուի նաեւ Պուլկարիոյ մէջ տեղի ունենալիք այլ մրցաշարք մըն ալ, որ կրնայ կատարուիլ յունիսի սկիզբը:  

Մարմնամարզութիւն. Աշխարհի Բաժակի Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Մարմնամարզութեան միջազգային ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ 18-21 մարտին Տոհայի մէջ (Քաթար) տեղի ունենալիք աշխարհի մարմնամարզութեան բաժակի մրցաշարքը յետաձգուած է: Յայտարարուեցաւ, որ այս մրցաշարքը կրնայ տեղի ունենալ 3-6 յունիսին, անշուշտ եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը նուազի եւ մարդիկ վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին:  

ՖԻՊԱ. Եւրոպական Մրցաշարքերը Կը Դադրին Անորոշ Թուականով

Պասքեթպոլի միջազգային ֆետերասիոնը (ՖԻՊԱ) երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ Եւրորայի տարածքին ամէն տեսակի մրցաշարքերը կը դադրին անորոշ թուականով: Կազմակերպութեան մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ այս որոշումը ուժի մէջ կը մտնէ ուրբաթ, 13 մարտէն սկսեալ: Միջազգային այլ կազմակերպութիւններու նման, ՖԻՊԱ-ն եւս մտահոգ է «Քորոնա» ժահրով եւ չ՛ուզեր մարզիկներուն կեանքը վտանգել: Այսպիսով, կը դադրին «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ Եւրոպայի բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուելիք պասքեթպոլի բոլոր...

Մինչեւ Այս Տարեշրջանին Աւարտը. Անգլիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Բոլոր Մրցումները` Առանց Հանդիսատեսներու

«Քորոնա» ժահրին տարածման պատճառով, Բրիտանիոյ կառավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս յայտարարեց, որ մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը երկրին մէջ կատարուելիք ախոյեանութեան բոլոր մրցումները անխտիր տեղի պիտի ունենան առանց հանդիսատեսներու: Անգլիոյ ֆութպոլի ղեկավարներն ու պատասխանատուները դէմ են «Փրեմիեր լիկ»-ի դադրեցումին եւ ամէն ճիգ ի գործ պիտի դնեն, որպէսզի նախատեսուած ժամանակին կատարուին եւ աւարտին բոլոր հանգրուաններուն մրցումները:  

«Լա Լիկա». Ախոյեանութեան Մրցումները Երկու Շաբաթով Դադրեցան

Սպանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ երկրին տարածքին ախոյեանութեան բոլոր մրցումները երկու շաբաթով կը դադրեցուին: Այս որոշումը ո՛չ միայն կը վերաբերի «Լա լիկա»-ի ախոյեանութեան, այլ նաեւ մնացեալ դասակարգերուն: Մրցումներուն վերսկսման գծով կը տիրէ անորոշ վիճակ մը` նկատի ունենալով, որ յառաջիկային անոնց երկու շաբաթով դադրեցման որոշումը կրնայ երկարաձգուիլ:  

Եուվենթուսի Ֆութպոլիստը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան Եուվենթուսի հրապարակած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ ակումբին մաս կազմող իտալացի կեդրոնի յետսապահ Տանիելէ Ռուկանի վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: 25 տարեկան ֆութպոլիստին ենթարկուած քննութիւնը տուած է դրական արդիւնք: Այժմ բժիշկները առողջապահական մեկուսարան մը պիտի փոխադրեն Ռուկանին եւ անոր հետ վերջին օրերուն շփում ունեցած բոլոր մարդիկը, որոնց կարգին` Եուվենթուսի ֆութպոլիստները եւ մարզիչները: Ան այս տարեշրջանին իր ակումբին...

Page 614 of 1279 1 … 613 614 615 … 1,279

Արխիւներ