Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմենի ղեկավարութիւնը պատրաստ է յառաջիկայ ամառ ծախելու իր պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարը, կը յայտնէ «Ի. Էս. Փի. Էն.»:
Սակայն մայրաքաղաքի կազմը մտադիր չէ ծախել Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի յառաջապահ Քիլիան Մպափէն:
Նշուեցաւ, որ Սեն Ժերմեն 28 տարեկան Նէյմարի փոխանցումէն պիտի ստանայ 150 միլիոն եւրօ: Ան շատ հաւանաբար վերադառնայ Պարսելոնա:
Իսկ 21 տարեկան Մպափէով մօտէն հետաքրքրուած է Ռէալ Մատրիտ: