Մարզական

ՖԻՖԱ-ն Կը Ծրագրէ Ամրան Ընթացքին Մարզիկներու Փոխանցման Ժամանակաշրջանը Յետաձգել

«ՖԻՖԱ»-ն յայտարարեց, որ ամրան ընթացքին մարզիկներու փոխանցումներու ժամանակաշրջանը կրնայ յետաձգուիլ` նկատի ունենալով, որ այդ միջոցին ախոյեանութիւնները նոր աւարտած կ՛ըլլան եւ ակումբները չեն կրնար արագ ձեւով նոր փոխանցումներու գործին սկսիլ: Կայ նաեւ այլ հարց մըն ալ, որ ՖԻՖԱ-ն պիտի յայտարարէ մօտիկ ապագային: Ատիկա կը վերաբերի մինչեւ 30 յունիս ստորագրուած պայմանագրութիւններուն` նկատի ունենալով, որ ախոյեանութիւնները աւարտած չեն ըլլար:

«Եւրօ-2020». Մրցաշարքը Մէկ Տարիով Յետաձգուեցաւ

Երէկ` երեքշաբթի, 17 մարտին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնապէս յայտարարեց, որ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը ճիշդ մէկ տարիով կը յետաձգուի եւ տեղի կ՛ունենայ 11 յունիսէն 11 յուլիս 2021-ին: Այդ յետաձգման պատճառը բնականաբար աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին տարածումն է, որուն պատճառով ոչ միայն մարզաշխարհի գործունէութիւնը կը սառի, այլեւ` գրեթէ ամէն ինչ: Ինչպէս ծանօթ է, մրցաշարքը պիտի կատարուէր եւրոպական հետեւեալ 12 քաղաքներուն մէջ....

Եւրոպական Ֆութպոլ. «Չեմփիընզ-Լիկ»-ի Եւ «Եւրոպայի Լիկա»-ի Աւարտականները` Յունիսին

Միջազգային մարզական մամուլը երէկ յայտնեց, որ եւրոպական ֆութպոլի երկու կարեւորագոյն` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Եւրոպայի լիկա»-ի մրցաշարքերուն աւարտական մրցումները պիտի կատարուին յունիսին, եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածումը սահմանափակուի: Առաջինը տեղի պիտի ունենայ 24 յունիսին, Լեհաստանի Կրտանսք քաղաքին մէջ, մինչ երկրորդը 27 յունիսին` Պոլսոյ մէջ:  

«Քոփա Ամերիկա»-ի Բաժակի Մրցաշարքը Եւս Յետաձգուեցաւ 2021-ին

Հարաւային Ամերիկայի ֆութպոլի ֆետերասիոնը երէկ յայտարարեց, որ 2020-ի «Քոփա-Ամերիկա»-ի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանը որոշուեցաւ յետաձգել եւ կատարել 2021-ին: Անիկա նախատեսուած էր կատարել 12 յունիսէն 12 յուլիսին` Արժանթինի եւ Քոլոմպիոյ մէջ:  

Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնները Դադրեցան

Երէկ` երեքշաբթի, 17 մարտին, Ռուսիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնը որոշեց մինչեւ 10 ապրիլ դադրեցնել երկրին տարածքին տեղի ունեցող բոլոր ախոյեանութիւնները անխտիր: Այս թուականը կրնայ երկարաձգուիլ, եթէ «Քորոնա» ժահրին տարածման սահմանափակման գծով յառաջխաղացք չարձանագրուի: Բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 22-րդ հանգրուանէն ետք, 50 կէտով պարագլուխի դիրքը կը գրաւէ Զենիթ Ս. Փեթերսպուրկ:  

Հերթա Պերլինի Ֆութպոլիստ Մը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Գերմանական Հերթա Պերլին ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ խումբին մարզիկներէն մէկը վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ֆութպոլիստին անունը չյայտարարուեցաւ: Ակումբին բոլոր մարզիկները, մարզիչները եւ աշխատակիցները երկու շաբաթ ինքնամեկուսացումի պիտի ենթարկուին:  

Ճատրակ. Ռուսիոյ Մէջ Սկսաւ Յաւակնորդներու Մրցաշարքը

Հակառակ անոր որ աշխարհի տարածքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով մարզաշխարհի գործունէութիւնը գրեթէ սառած է, բայց եւ այնպէս ՖԻՏԷ-ն որոշեց չյետաձգել ճատրակի աշխարհի ախոյեանի յաւակնորդներու մրցաշարքը, որուն բացումը տեղի ունեցաւ երէկ, Եքաթերինպուրկի մէջ (Ռուսիա): Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն հետեւեալ 8 խաղացողները. Ֆապիանօ Քարուանա, Տին Լիժեն, Անիշ Կիրի, Ալեքսանտր Կրիսչուք, Իան Նեփոմնիաչի, Քիրիլ Ալեքսիյենքօ, Եան Հաօ եւ Մաքսիմ Վաշիէ-Լակրաւ: Վերջինս փոխարինեց...

Գեղասահք. Ճափոնցի Քրիս Ռիտ Մահացաւ

Ճափոնի դրօշին տակ հանդէս եկող ծագումով ամերիկացի անուանի գեղասահորդ Քրիս Ռիտ երէկ մահացաւ սրտի կաթուածի հետեւանքով: Ան 30 տարեկան էր: 10-ակի ախոյեանը Ճափոնի ազգային խումբին հետ դարձած էր աշխարհի կրկնակի խմբային ախոյեան:  

Թենիս. «Ռոլան Կարոս»-ը Յետաձգուեցաւ

Թենիսի միջազգային ֆետերասիոնը երէկ յայտնեց, որ «Ռոլան Կարոս»-ի մրցաշարքը, որ կը նկատուի տարուան երկրորդ կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, իր կարգին յետաձգուեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Անիկա նախատեսուած էր կայացնել 24 մայիսէն 7 յունիս: Ըստ կազմակերպիչներուն, այժմ անոր ազդանշանը պիտի տրուի 20 սեպտեմբերին, իսկ աւարտական մրցումը տեղի պիտի ունենայ 4 հոկտեմբերին: Աշխարհի տարածքին յետաձգուած են թենիսի բոլոր տեսակի ախոյեանութիւններն ու մրցաշարքերը:...

«Թոքիօ-2020». Կռփամարտիկ Կորիւն Սողոմոնեան Ողիմպիականի Տոմս Մը Ապահովեց. Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

14 մարտին Լոնտոնի մէջ (Անգլիա) սկսած «Թոքիօ-2020»-ի կռփամարտի ողիմպիական խաղերուն վարկանշային մրցաշարքը երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէին որոշումով դադրեցաւ: Անոր երրորդ օրուան` 16 մարտին նախատեսուած բոլոր մրցումները երէկ շարունակուեցան առանց հանդիսատեսներու: Յետաձգուած մրցաշարքը պիտի շարունակուի մայիսին, երբ կատարուին չորրորդ օրուան ճակատումները: Երէկ 52 քկ դասակարգին մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ Կորիւն Սողոմոնեան յաղթելէ ետք Իսրայէլը ներկայացնող Դաւիթ Ալավերդեանին, ապահովեց ողիմպիականի...

Քափարոս. «Երեւանը Զիս Զարմացուց»

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի նոր նշանակուած գլխաւոր մարզիչ, 64 տարեկան սպանացի Խոաքին Քափարոս սպանական «Մարքա»-ին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին պատմեց Հայաստանի վերաբերեալ իր առաջին տպաւորութիւններուն մասին: «Երեւանը զիս զարմացուց: Անիկա սքանչելի քաղաք մըն է: Երկիրը անվտանգ է, եւ մարդիկ լաւ տրամադրութեամբ կը շրջագային փողոցներուն մէջ: Երկիրը ունի լաւ պայմաններով ակադեմիա, 10 մարզադաշտ: «Մենք մեր դիմաց ունինք ամէն գնով մոնտիալի...

Հայկական Ֆութպոլ. Ազգային Հաւաքականին Կատարելիք Բարեկամական Երկու Մրցումները Յետաձգուեցան

Հակառակ անոր որ ծրագրուած էր, որ այս ամսուան վերջը Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը պիտի կատարէ բարեկամական երկու մրցումներ, սակայն անոնք երկուքն ալ յետաձգուեցան «Քորոնա» ժահրին պատճառով, երէկ յայտնեց Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը: 26 մարտին Հայաստան պիտի մրցէր Ուզպեքիստանի դէմ, իսկ 30 մարտին` Ղազախստանի դէմ: Այսօր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը պիտի հրապարակէ եւրոպական բոլոր ախոյեանութիւններուն եւ մրցաշարքերուն...

Ֆութսալ. Պուլկարիա – Հայաստան Մրցումը Յետաձգուեցաւ

«Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ֆութսալի «Եւրօ-2022»-ի զտումի մրցաշարքին ծիրին մէջ, 8 եւ 14 ապրիլին ծրագրուած էր կատարել Պուլկարիա - Հայաստան մրցումը (երթուդարձի դրութեամբ): Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը յայտնեց, որ այդ երկու մրցումները յետաձգուեցան անորոշ թուականով: Սակայն նշուեցաւ, որ մրցումներու կայացման վերջին ժամկէտն է դեկտեմբեր 2020-ը:

Հայաստանի Մէջ Կատարուելիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի Զարգացման Մրցաշարքը Յետաձգուեցաւ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ հաղորդեց, որ Երեւանի մէջ կատարուելիք «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի զարգացման մրցաշարքը յետաձգուեցաւ: Անիկա սկզբունքով պիտի սկսէր երէկ եւ աւարտէր 23 ապրիլին: «Հաշուի առնելով «Քորոնա» ժահրին տարածումը, մրցաշարքին կայացումը յետաձգուեցաւ անորոշ թուականով», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

21 Տարեկան Սպանացի Մարզիչը Մահացաւ «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով

Սպանական «Մարքա» օրաթերթը երէկ յայտնեց, որ 21 տարեկան մարզիչ Ֆրանչիսքօ Կարսիա, որ կ՛աշխատէր Աթլեթիքօ Փորթատա Ալթա խումբին հետ, մահացած է «Քորոնա» ժահրին պատճառով: Սպանացի մարզիչը, որ մահացած է Մալակայի մէկ հիւանդանոցին մէջ, մահանալէն քանի մը օր առաջ եղած է լաւ վիճակի մէջ, յայտնեց անոր ընտանիքը: Սակայն վերոնշեալ ակումբին մանկական խումբի մարզիչին առողջական վիճակը շատ արագօրէն վատթարանալով մահացած է:  

Զուիցերիոյ Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Նախագահը Վարակուած` «Քորոնա» Ժահրով

Շաբաթասկիզբին Զուիցերիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութիւնը յայտնեց, որ կազմակերպութեան գրասենեակը փակուեցաւ` նկատի ունենալով, որ ֆետերասիոնին 70 տարեկան նախագահը` Տոմինիք Պլան, վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Անոր վրայ կատարուած քննութիւնները տուած են դրական արդիւնք, յայտնեց զուիցերիական մարզական մամուլը: Ան ըսաւ, թէ ինքզինք բաւական լաւ կը զգայ, թէեւ քիչ մը հարբուխ է:  

Վալենսիայի Յետսապահը` Վարակուած «Քորոնա» Ժահրով

Սպանական Վալենսիա ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ ակումբին յետսապահներէն Խոսէ Լուիս Կայա իր կարգին վարակուած է «Քորոնա» ժահրով: Ան յայտնեց, որ նկատի ունենալով, որ իր վրայ կատարուած քննութիւնը տուած է դրական արդիւնք, պիտի մնայ իր տան մէջ եւ շուտով ապաքինի:  

Արսենալ Պատրաստ Է Քննարկելու Մխիթարեանը Ա. Էս. Ռոմային Ծախելու Տարբերակը

Լոնտոնեան Արսենալի ղեկավարութիւնը պատրաստ է մարզիկներու ամառնային փոխանցման ընթացքին ծախելու Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանը: Ըստ իտալական «Լա Կազեթթա Տելլօ Սփոր» օրաթերթին, Արսենալ պատրաստ է Մխիթարեանի ստորագրութիւնը տալու Ա. Էս. Ռոմային, եթէ վերջինս համաձայն գտնուի ակումբին վճարել իր պահանջած գումարը: 31 տարեկան Մխիթարեան, որ Արսենալէն փոխ տրուած էր Ա. Էս. Ռոմային, մինչեւ այս տարեշրջանին աւարտը իր ելոյթները պիտի...

«Եւրօ-2020». Կապրիելէ Կրաւինա. «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին Առաջարկեցինք Յետաձգել Մրցաշարքը»

Այսօր` երեքշաբթի, 17 մարտին, յատուկ նիստի մը ընթացքին, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ն պիտի քննարկէ «Եւրօ-2020»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին հարցը, թէ արդեօք նպատակայարմա՞ր է զայն յետաձգելը, թէ՞ ոչ: Երէկ` երկուշաբթի, 16 մարտին, Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Կապրիելէ Կրաւինա յայտարարեց, որ իր կազմակերպութիւնը «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ին առաջարկեց մրցաշարքը ամէն գնով յետաձգել, որպէսզի կարելի ըլլայ յառաջիկայ ամառ կայացնել եւրոպական երկիրներուն մէջ դադրած ախոյեանութիւններուն...

«Լա Լիկա»-ի Նախագահ. «Կը Պատրաստուինք Աւարտել Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը»

Սպանական «Լա լիկա»-ի նախագահ Խաւիէ Թեպաս երէկ պաշտօնական յայտարարութեամբ մը ելոյթ ունենալով ըսաւ, որ կազմակերպութիւնը կը քննարկէ Սպանիոյ ֆութպոլի ընթացիկ ախոյեանութիւնները չվերսկսելու հարցը: Ան ըսաւ, որ երկրի ակումբներու նախագահներուն հետ այս հարցը քննարկելով եւ նկատի առնելով «Քորոնա» ժահրին հետզհետէ արագ տարածումը, կը պատրաստուինք աւարտել ախոյեանութիւնները: «Լա լիկա»-ն նախորդ 12 մարտին որոշեց ախոյեանութիւնը դադրեցնել երկու շաբաթով:

Page 612 of 1279 1 … 611 612 613 … 1,279

Արխիւներ