«Լիկ-1». Ախոյեանին Երրորդ Յաղթանակը
Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, որ հիւրը եղաւ Ռեմի, արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը, 2-0 արդիւնքով: Մայրաքաղաքի կազմին այս յաղթանակը կերտեց, արժանթինցի յառաջապահ՝ Մաուրօ Իքարտի, որ նշանակեց հանդիպումին երկու կոլերը (9-րդ եւ 62-րդ): Մարզիչ Թոմաս Թուխելի կազմը, որ այդ երեք յաղթանակներուն կողքին կրած է երկու պարտութիւն, այժմ 9 կէտով կը...




















