Մարզական

Ռէալ Մատրիտի Ֆութպոլիստները Հրաժարեցան «Պոնիւս»-ներէն՝ մէկ Միլիոն եւրօ

Ռէալ Մատրիտի Ֆութպոլիստները Հրաժարեցան «Պոնիւս»-ներէն՝ մէկ Միլիոն եւրօ

«Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ծանր տագնապը նկատի առնելով, Ռէալ Մատրիտի ֆութպոլիստները հրաժարեցան նախորդ տարեշրջանին իրենց տիրացած տիտղոսներուն համար նախատեսուած «պոնիւս»-ներէն, այս գծով յայտնեց սպանական մամուլը: Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեան հանդիսացած ըլլալու համար, իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանար 700 հազար եւրօ, իսկ Սպանիոյ գերբաժակի մրցաշարքին տիրացած ըլլալուն համար՝ 300 հազար եւրօ: Նշենք, որ Զինետտին Զիտանի գլխաւորած կազմը «Լա-Լիկա»-յի իր յաջորդ մրցումը պիտի...

Ֆրանք Տը Պէօր՝ Նիտըրլենտներու Ազգային Խումբին Մարզիչ

Ֆրանք Տը Պէօր՝ Նիտըրլենտներու Ազգային Խումբին Մարզիչ

Հոլանտացի նախկին ֆութպոլիստ՝ Ֆրանք Տը Պէօր, երէկ նշանակուեցաւ Նիտըրլենտներու ազգային խումբին մարզիչ, այս գծով յայտնեց երկրին ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը: Ան իր պաշտօնը պիտի կատարէ յառաջիկայ երկու տարիներուն ընթացքին, ներառեալ՝ 2022-ի Մոնտիալը, որ տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ: Ան, իր նոր կազմին հետ իր առաջին մրցումը պիտի կատարէ Մեքսիքայի դէմ, որ պիտի ըլլայ բարեկամական: Ապա, անոր յաջորդ երկու մրցակիցները պիտի...

Ալվարօ Մորաթթա Վերադարձաւ Եուվենթուս

Ալվարօ Մորաթթա Վերադարձաւ Եուվենթուս

Ալթեթիքօ Մատրիտի սպանացի յառաջապահ՝ Ալվարօ Մորաթթա, վերադարձաւ իր նախկին ակումբին՝ Եուվենթուսի, այս գծով յայտնեց իտալական ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Իտալիոյ ախոյեանը՝ Եուվենթուս, մէկ տարեշրջանի համար փոխ առաւ 27 տարեկան ֆութպոլիստին, այդ մէկը մէկ տարիով երկարաձգելու նպատակով: Այդ մէկ տարուան համար, Եուվէ անոր ակումբին պիտի վճարէ՝ 10 միլիոն եւրօ: Եթէ պատահի, որ յառաջիկայ տարի Եուվենթուս որոշէ գնել Մորաթթային, անոր փոխանցման համար պիտի...

Սպանական Ֆութպոլ. Անսու Ֆաթի Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Պարսելոնայի հետ

Սպանական Ֆութպոլ. Անսու Ֆաթի Նոր Պայմանագրութիւն Մը Ստորագրեց Պարսելոնայի հետ

Սպանիոյ ֆութպոլի ազգային խումբին 17 տարեկան յառաջապահ՝ Անսու Ֆաթի, նոր պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Պարսելոնայի հետ, այսպիսով դառնալով քաթալոնիական ակումբին առաջին խումբի խաղացող, այս գծով յայտնեց ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը: Յառաջիկայ 31 հոկտեմբերին, ան կը դառնայ 18 տարեկան։ Այս պայմանագրի երկարաձգումէն ետք, անոր հրաժարագիրը 170 միլիոն եւրոյէն բարձրացաւ՝ 400 միլիոն եւրոյի: Ան մինչեւ յունիս 2024 ստորագրեց Պարսայի տոմարներուն վրայ: Անոր տրուեցաւ թիւ...

Իտալական Ֆութպոլ. Էտին Ծեքօ Պիտի Մնայ Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Իտալական Ֆութպոլ. Էտին Ծեքօ Պիտի Մնայ Ա. Էս. Ռոմայի Հետ

Ա. Էս. Ռոմայի խմբապետ, 34 տարեկան պոսնիացի յառաջապահ՝ Էտին Ծեքօ, ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը պիտի շարունակէ հռոմեան կազմին հետ, նկատի ունենալով որ անոր Եուվենթուս տեղափոխութիւնը չկատարուեցաւ, այս գծով յայտնեց Sky Sport Italia-ն։ Պոսնիացի ֆութպոլիստը, թէեւ իր մասնակցութիւնը չբերաւ Վերոնայի դէմ տեղի ունեցած Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի Ա. հանգրուանի մրցումին, սակայն ան դաշտ պիտի ներկայանայ Բ. հանգրուանի մրցումին: Նշենք, որ Ա....

Ճատրակ. Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Արոնեանի Եւ Մովսիսեանի Խումբը՝ «Պունտըսլիկա»-յի Ախոյեան.

Ճատրակ. Գերմանիոյ Ակումբներու Ախոյեանութիւն. Արոնեանի Եւ Մովսիսեանի Խումբը՝ «Պունտըսլիկա»-յի Ախոյեան.

Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեանի եւ Հայաստանի ճատրակի լաւագոյն խաղացողներէն՝ Սերկէյ Մովսիսեանի խումբը՝ Պէյտըն-Պէյտըն, հանդիսացաւ Գերմանիոյ ճատրակի ակումբներու ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի ախոյեան: Անիկա բաղկացած էր 7 հանգրուաններէ: Ախոյեան խումբը իր բոլոր՝ 14 խաղերն ալ աւարտեց յաղթանակով: Արոնեան, որ չորս մրցումի իր մասնակցութիւնը բերաւ, բոլորին ալ արձանագրեց հաւասարութիւն:

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Առցանց Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը՝ Պրոնզէ Մետալակիր

Ճատրակ. Եւրոպայի Պատանեկան Առցանց Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականը՝ Պրոնզէ Մետալակիր

Հայաստանի ճատրակի ֆետերասիոնին մամլոյ քարտուղարութենէն կը տեղեկանանք, որ Հայաստանի պատանեկան հաւաքականը, հանդիսացաւ Եւրոպայի առցանց ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր: Այս ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 երկիրների շուրջ 800 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ, որոնք ելոյթ ունեցան՝ 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար դասակարգերուն մէջ (երկսեռ): Իւրաքանչիւր դասակարգին մէջ, Հայաստան ունէր երեք խաղացող: Նշենք, որ խմբային դասաւորման մէջ, Հայաստան արժանացաւ պրոնզէ մետալի, ապահովելով՝ 26...

Թենիս. Համպուրկի Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Թենիս. Համպուրկի Մրցաշարք. Կարէն Խաչանովի Յաղթական Մեկնարկը

Ռուսիոյ դրօշին տակ հանդէս եկող Կարէն Խաչանով, որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ Համպուրկի «ATP500» թենիսի միջազգային մրցաշարքին, Ա. հանգրուանին գծով իր կատարած մրցումին, 7-6, 4-6 եւ 7-5 արդիւնքով յաղթեց գերմանացի իր մրցակիցին՝ Եան-Լենարթ Շթրուֆին: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 2 ժամ 37 վայրկեան: 8-րդ դասուած Խաչանով, Բ. Հանգրուանին իրեն մրցակից պիտի ունենայ՝ սերպ Տուսան Լայովիչին: Նշենք, որ մրցաշարքին մրցանակային հիմնադրամը...

Թենիս.  Ճոքովիչ Տիրացաւ Հռոմի Մասթըրզ-ի Մրցաշարքին Տիտղոսին

Թենիս. Ճոքովիչ Տիրացաւ Հռոմի Մասթըրզ-ի Մրցաշարքին Տիտղոսին

Սերպ թենիսմէն՝ Նովաք Ճոքովիչ, տիրացաւ Հռոմի թենիսի Մասթըրզ-ի միջազգային մրցաշարքին տիտղոսին, երբ աւարտականի մրցումին, 7-5 եւ 6-3 արդիւնքով պարտութեան մատնեց արժանթինցի իր մրցակիցին՝ Տիեկօ Շվարցմանին: Անոնց միջեւ այս մրցումը տեւեց՝ 1 ժամ 54 վայրկեան: Ճոքովիչ, այս մրցաշարքին գծով դասուած էր առաջին, մինչ անոր մրցակիցը՝ 8-րդ: Նշենք, որ այսպիսով, Ճոքովիչ, իր արհեստավարժ ասպարէզին ընթացքին տիրացաւ  իր 81-րդ տիտղոսին, մինչ այս մրցաշարքին...

Աթլեթիզմ.Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Հայրենի Աթլէթները Տիրացան Երեք Ոսկի Մետալի

Աթլեթիզմ.Պալքանեան Երկիրներու Ախոյեանութիւն. Հայրենի Աթլէթները Տիրացան Երեք Ոսկի Մետալի

Հայաստանի աթլեթիզմի հաւաքականին անդամները, հանդիսացան պալքանեան երկիրներու ախոյեանութեան տիտղոսակիրներ: Ռումանական Քլուժ-Նափոքա քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ախոյեանութեան, երեք քայլ ոստումի մրցումներուն, Լեւոն Աղասեան արձանագրելով 16.53 մեթր արդիւնք մը, հանդիսացաւ ախոյեան: Իր կարգին տիտղոսակիր դարձաւ Երուանդ Մկրտչեան, որ 1500 եւ 3000 մեթր վազքի մրցումներուն, յաջորդաբար արձանագրելով՝ 3:47.60 եւ 8:12.02 արդիւնքներ, տիրացաւ երկու ոսկի մետալի: Իսկ հաւաքականի նորեկ՝ Ալեքս Տօնիկեան, 100 մեթր...

Հայկական Պասքեթպոլ. Աւարտեցաւ Աղջկանց Ախոյեանութեան Երկրորդ Շրջանը

Հայկական Պասքեթպոլ. Աւարտեցաւ Աղջկանց Ախոյեանութեան Երկրորդ Շրջանը

Նախորդ շաբաթավերջին, իր աւարտին հասաւ Հայաստանի աղջկանց պասքեթպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան երկրորդ շրջանը, երբ տեղի ունեցաւ Երեւան Պասքեթ-Լես Ֆոքսես մրցումը: Յառաջիկայ 1 հոկտեմբերին կը սկսի երրորդ շրջանը: Վեց խումբերու մասնակցութեամբ եւ ութ շրջանով տեղի ունեցող այս ախոյեանութիւնը իր աւարտին կը հասնի մարտ 2021-ին: Հոս պէտք է նշել, որ վեց տարուան ընդմիջումէ մը ետք, այս ախոյեանութիւնը վերսկսած էր նախորդ օգոստոսին: Ինչ...

Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մատրիտի Կազմին Մէջ՝ «Քորոնա» Ժահրի Չորրորդ Պարագայ

Սպանական Ֆութպոլ. Աթլեթիքօ Մատրիտի Կազմին Մէջ՝ «Քորոնա» Ժահրի Չորրորդ Պարագայ

Սպանական Աթլեթիքօ Մատրիտ ֆութպոլի ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը երէկ յայտնեց, որ կազմին մէջ յայտնուեցաւ «Քորոնա» ժահրի չորրորդ պարագայ մը եւս, որ այս պարագային եղաւ, ուրուկուէյցի յետսապահ՝ Խոսէ Խիմենեսը: 25 տարեկան ֆութպոլիստը, այժմ ինքնամեկուսացումի մէջ է: Ակումբը, երէկ առաւօտեան իր կատարելիք փորձերը ջնջեց, սպասելով բոլոր մարզիկներուն եւ մարզիչներուն վրայ կատարուած քննութիւններուն արդիւնքներուն: Նշենք, որ այս ամսուան ընթացքին, ակումբէն ներս «Քորոնա» ժահրով վարակուած...

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Էս. Ռոմա 3-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ

Իտալական Ֆութպոլ. Ա. Էս. Ռոմա 3-0 Արդիւնքով Պարտուած Հռչակուեցաւ

Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ յայտնեց, որ Ա. Էս. Ռոմա, որ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի ծիրին մէջ 0-0 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրած էր Վերոնայի հետ, 3-0 արդիւնքով պարտուած հռչակուեցաւ: Այդ մէկին պատճառը եղաւ այն, նկատի ունենալով որ հռոմեան կազմին մաս կազմող Կինէայի ֆութպոլի ազգային խումբին միջնապահ՝ Ամատու Տիաուարա արձանագրուած էր որպէս 22 տարեկանէն վար խաղացող,...

Ճատրակ. «Saint Louis Rapid & Blitz»-ի Առցանց Մրցաշարք. Արոնեան Կրիսչուքի հետ Բաժնեց 4-5-րդ Դիրքերը

Ճատրակ. «Saint Louis Rapid & Blitz»-ի Առցանց Մրցաշարք. Արոնեան Կրիսչուքի հետ Բաժնեց 4-5-րդ Դիրքերը

    Հայկական ճատրակի յառաջատար՝ Լեւոն Արոնեան, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ «Saint Louis Rapid & Blitz»-ի 2020-ի ճատրակի առցանց մրցաշարքին, ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքի հետ բաժնեց՝ 4-5-րդ դիրքերը: Անոնք երկուքն ալ առաւելագոյն 36 կէտէն 18,5-ական կէտ ապահովելով, ստացան՝ 27,5 հազարական ամերիկեան տոլար։ Կայծակնային մրցումներուն երկրորդ շրջանին, Արոնեան յաղթեց իրանցի Ալիռեզա Ֆիրուճային, ռուս Ալեքսանտր Կրիսչուքին, հնդիկ Փենթալա Հարիքրիշային եւ ռուս Եան Նեփոմնիաչին:...

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Վերոնային

«Քալչիօ». Ա. Էս. Ռոմա Չկրցաւ Յաղթել Վերոնային

-Եուվենթուս-Սամտորիա՝ 3-0 Նախորդ շաբաթավերջին, ազդանշանը տրուեցաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2020-2021 տարեշրջանին: Ա. հանգրուանի մրցումներուն, Ա. Էս. Ռոմա, որ հիւրը եղաւ Վերոնային, անոր հետ արձանագրեց՝ ճերմակ հաւասարութիւն մը: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեան, որ իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած էր Ա. Էս. Ռոմայի հետ, մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին: Բ. հանգրուանի մրցումներուն, Մխիթարեանի կազմը կը հիւրընկալէ երկրին գործող ախոյեան՝ Եուվենթուսին,...

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմէնի Երկրորդ Յաղթանակը

«Լիկ-1». Փարիզ Սեն Ժերմէնի Երկրորդ Յաղթանակը

Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի չորրորդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, երէկ արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ «Ալիանց-Ռիվիերա»-յի դաշտէն, ուր յաղթեց Նիսի: Քիլիան Մպափէ (38-րդ՝ փենալթի-ով), Անխել Տի Մարիա (45-րդ) եւ Մարքինիոս (66-րդ) նշանակեցին մայրաքաղաքի կազմին երեք անպատասխան կոլերը: Նշենք, որ Սեն Ժերմէն, տարեշրջանի իր առաջին երկու մրցումներուն պարտութիւն կրած էր:...

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

«Պունտըսլիկա». Պայէրն Միւնիխ Մեծ Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը

Գերմանիոյ ֆութպոլի գործող ախոյեան՝Պայէրն Միւնիխ, մեծ եւ տպաւորիչ յաղթանակով մը սկսաւ 2020-2021 տարեշրջանը, երբ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի Ա. հանգրուանի բացման մրցումին, 8-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց իր հիւրին՝ Շալքէին: Յաղթական կազմէն հեթրիք մը իրագործեց գերմանացի Սերժ Կնապրի (4-րդ, 47-րդ եւ 59-րդ): Տեղի ունեցած այլ մրցումի մը ընթացքին, 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Պորուսիա Տորթմունտ, իր հիւրին՝ Պորուսիա Մէօշընկլատպախին դէմ:...

Ռուսական Ֆութպոլ. Արշակ Կորեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ռուսական Ֆութպոլ. Արշակ Կորեան Տուպլէ Մը Իրագործեց

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, նախորդ շաբաթավերջին, Խիմքի, որ հիւրը եղաւ Քրասնոտարին, կրեց քիչ մը ծանր պարտութիւն մը՝ 7-2 արդիւնքով: Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին անդամ՝ Արշակ Կորեան, որ մաս կը կազմէ Խիմքիի, այս մրցումին տուպլէ մը իրագործեց (27-րդ եւ 42-րդ՝ փենալթի-ով): Խիմքի, որ այսպիսով կրեց տարեշրջանի իր հինգերորդ պարտութիւնը, ցարդ չէ յաջողած յաղթանակ արձանագրել: Անիկա այժմ կը...

«Լա-Լիկա». Ռէալ Սոսիետատ-Ռէալ Մատրիտ՝ 0-0

«Լա-Լիկա». Ռէալ Սոսիետատ-Ռէալ Մատրիտ՝ 0-0

Հակառակ անոր որ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լա-Լիկա»-յի 2020-2021 տարեշրջանին Ա. հանգրուանին գծով տեղի ունեցած են շարք մը ճակատումներ, սակայն երկրին գործող ախոյեանը՝ Ռէալ Մատրիտ երէկ գիշեր կատարեց տարեշրջանի իր առաջին մրցումը, երբ հիւրը եղաւ Ռէալ Սոսիետատին: Անոնց միջեւ այս ճակատումը աւարտեցաւ՝ ճերմակ հաւասարութեամբ: Ցարդ, Կրանատա եւ Ռէալ Պեթիս, միակ կազմերն են, որ արձանագրած են երկուքական յաղթանակ: Իսկ Պարսելոնա, ինչպէս նաեւ...

«Փրեմիեր-Լիկ». Ախոյեան Լիվըրփուլ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

«Փրեմիեր-Լիկ». Ախոյեան Լիվըրփուլ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը

-Մանչեսթըր Եունայթըտ Տարեշրջանը Սկսաւ Պարտութեամբ Հակառակ անոր որ շուրջ շաբաթ մը առաջ ազդանշանը տրուեցաւ Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի 2020-2021 տարեշրջանին, բայց կարգ մը խումբեր, միայն երէկ եւ նախանցեալ օր կատարեցին տարեշրջանի իրենց առաջին մրցումը: Երկրին գործող ախոյեանը՝ Լիվըրփուլ, արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, երբ երէկ «Սթեմֆըրտ-Պրիճ»-ի մէջ հիւրը եղաւ Չելսիի: Լիվըրփուլ արձանագրեց 2-0 արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ՝ Սատիօ Մանէի նշանակած...

Page 588 of 1279 1 … 587 588 589 … 1,279

Արխիւներ