Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Քալչիո»-յի 2-րդ հանգրուան գագաթի ճակատումը, երէկ գիշեր իրարու դէմ հանեց Ա. Էս. Ռոման եւ Եուվենթուսը: Անիկա աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով հաւասարութեամբ մը:
Մրցումին 31-րդ վայրկեանին, Ճորտըն Վերեթութ փենալթի-ով նշանակեց հիւրընկալ կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը: 44-րդ վայրկեանին սակայն, Եուվենթուս արդիւնքը հաւասարեցուց, այս անգամ շնորհիւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի նշանակած կոլին (փենալթի-ով):
Երկու կազմերը հանդերձարան ուղղուեցան 2-1 արդիւնքով մը, երբ հիւրընկալ կազմը նշանակեց կոլ մը եւս, դարձեալ Վերեթութի շնորհիւ (45-րդ), որ իր նշանակած այս կոլին էսիսթ-ը ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին խմբապետ՝ Հենրիխ Մխիթարեանէն:
Սակայն 69-րդ վայրկեանին, նոյնինքն Ռոնալտօ, գլխու սքանչելի եւ ուժգին հարուածով մը նշանակեց ախոյեան Եուվէի հաւասարութեան կոլը:
Նշենք, որ նախքան անոր նշանակած այս կոլը, 62-րդ վայրկեանին, անոր խմբակից՝ Ատրիէն Ռապիօ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այսպիսով, Ա. Էս. Ռոմա ցարդ չէ կրցած արձանագրել տարեշրջանի իր առաջին յաղթանակը: