Յաջորդաբար երկրորդ տարին ըլլալով, Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեան՝ Արարատ-Արմենիա ապահովեց «Եւրոպայի-Լիկա»-յի ֆութպոլի մրցաշարքին փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իր տոմսը, երբ երէկ գիշեր 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց Սլովենիոյ ախոյեան՝ Սելժէի դէմ:
Զտումի Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումը աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք միայն, նկատի ունենալով, որ այս տարեշրջանին, մէկ մրցումի ընթացքին պէտք է յստականայ յաղթականին անունը եւ եւրոպական մրցաշարքերուն ընթացքին չի կիրարկուիր երթուդարձի դրութիւնը:
Հայկական կազմը իր եւ մրցումին միակ կոլը նշանակեց երկարձգման երկրորդ կիսախաղին (111 –րդ), շնորհիւ՝ Սերկիյ Վաքուլենքոյի:
Ապահովելով՝ փլէյ-օֆ-ի մրցումներուն իր տոմսը, այժմ Հայաստանի ախոյեանը իր դէմ պիտի ունենայ բաւական զօրաւոր կազմ մը, Սերպիոյ ախոյեան՝ «Կարմիր Աստղ» Պելկրատին:
Այս մրցումը տեղի պիտի ունենայ հինգշաբթի, 1 հոկտեմբերին՝ Երեւանի մէջ: