Երէկ գիշեր, Հունգարիոյ մայրաքաղաք՝ Պուտափեշտի մէջ տեղի ունեցաւ Եւրոպայի գերբաժակի մրցաշարքին, Պայէրն Միւնիխ-Սեւիլլա մրցումը:
«Չեմփիընզ-Լիկ»-ի մրցաշարքին տիտղոսին տիրացած՝ Պայէրն, երկարաձգումէն ետք, 2-1 արդիւնքով յաղթելով «Եւրոպայի-Լիկա»-յի տիտղոսակիրին, երկրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին (առաջինը՝ 2013-ին): Իսկ Սեւիլլա, տիտղոսին տիրացած է մէկ անգամ՝ 2006-ին։
Մրցումին 13-րդ վայրկեանին, Սեւիլլայի արժանթինցի միջնապահ՝ Լուքաս Օքամփոս, փենալթի-ով նշանակեց իր կազմին եւ մրցումին առաջին կոլը:
34-րդ վայրկեանին գերմանացի Լէոն Կորեթցա նշանակեց Պայէրնի հաւասարութեան կոլը, իսկ 104-րդ վայրկեանին, սպանացի միջնապահ՝ Խաւի Մարթինես, իր կազմին յաղթանակի կոլը:
Նշենք, որ «Փուշքաշ Արենա» մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած այս մրցումին ներկայ գտնուեցան քսան հազար հանդիսատեսներ, որոնք իրարմէ հեռու նստած էին: