Հակառակ անոր որ Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յին մեկնարկը նոր տրուած է եւ խումբերը ցարդ կատարած են երկուքական մրցում, սակայն Շալքէ յայտարարեց ըսելով, որ պաշտօնանկ ըրաւ իր մարզիչին՝ Տէյվիտ Վակնըրին:
Այդ պաշտօնազրկման պատճառը, բնականաբար 48 տարեկան գերմանացիին անյաջող արդիւնքներն են, ցարդ տեղի ունեցած մրցումներէն ետք:
Տարեշրջանի բացման մրցումին, Շալքէ 8-0 արդիւքով ծանր պարտութիւն մը կրեց Պայէրն Միւնիխէն, մինչ երկրորդին պարտուեցաւ Վերտըր Պրեմընէն (3-1):



