Եոքոհամայի ճափոնցի յառաջապահ՝ Քազույոշի Միուրա, որ իր մասնակցութիւնը բերաւ Քավազաքի Ֆրոնթալիի դէմ տեղի ունեցած Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումին, իր երկրին մէջ յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել:
Իբրեւ հիմնական մարզիկ դաշտ ներկայացած եւ 56-րդ վայրկեանին փոխարինուած Միուրա, դարձաւ Ճափոնի ֆութպոլի ախոյեանութեան ամէնէն տարիքոտ մարզիկը, որ ֆութպոլի մրցումի մը կը մասնակցի (53 տարեկան, 6 ամսական, 28 օրական):
Անոր կազմը սակայն 3-2 արդիւնքով պարտութիւն մը կրեց պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Քավազաքիէն:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Մասաշի Նաքայամայի, որ 2012-ին դաշտ ներկայացած էր, իր 45 տարեկան հասակին:
Նշենք, որ վերջին 13 տարիներուն Միուրա մաս կը կազմէ Եոքոհամայի: