Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ, Գանձասար Կապան, որ Գիւմրիի մէջ հիւրընկալեց Շիրակին, արձանագրեց՝ 5-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
21-րդ վայրկեանին, Հայկ Իշխանեան, սխալմամբ իր բերդէն ներս նշանակեց կոլ մը, մինչ Գանձասարի մնացեալ չորս կոլերը նշանակուեցան՝ 32-րդ, 40-րդ՝ փենալթիով, 55-րդ եւ 66-րդ վայրկեաններուն:
Այլ մրցումի մը, Լոռի նուազագոյն հաշւով յաղթեց Փիւնիկին: Մրցումին միակ կոլը նշանակուեցաւ 41-րդ վայրկեանին:
Լոռի, որ ցարդ կատարած է չորս մրցում, վեց կէտով կը գրաւէ 4-րդ դիրքը: Փիւնիկ հինգ մրցումէ ապահոված է չորս կէտ եւ կը գրաւէ 5-րդ դիրքը: Գանձասար Կապան չորս մրցումէ ապահոված է չորս կէտ եւ կը գրաւէ 6-րդ դիրքը: Վերջապէս Շիրակ, որ կատարած է միայն երկու մրցում, կէտով մը միայն կը գրաւէ վերջին դիրքը: