Ֆրանսայի ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Լիկ-1»-ի 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երկրին գործող ախոյեանը՝ Փարիզ Սեն Ժերմէն, որ հիւրը եղաւ Ռեմի, արձանագրեց տարեշրջանի իր երրորդ յաղթանակը, 2-0 արդիւնքով:
Մայրաքաղաքի կազմին այս յաղթանակը կերտեց, արժանթինցի յառաջապահ՝ Մաուրօ Իքարտի, որ նշանակեց հանդիպումին երկու կոլերը (9-րդ եւ 62-րդ):
Մարզիչ Թոմաս Թուխելի կազմը, որ այդ երեք յաղթանակներուն կողքին կրած է երկու պարտութիւն, այժմ 9 կէտով կը գտնուի 7-րդ դիրքին վրայ:
Պարգլուխի դիրքին վրայ կը գտնուի Ռենն՝ 13 կէտով, մինչ անոր կը յաջորդէ Լիլ՝ 11 կէտով:
Անոնք երկուքն ալ ցարդ անպարտելի միակ կազմերն են:
Իսկ յաջորդաբար վերջին երկու դիրքերը գրաւող կազմերը՝ Ռեմ եւ Տիժոն, ցարդ յաղթանակէ զուրկ են:
Յառաջիկայ 2 հոկտեմբերին, Փարիզ Սեն Ժերմէն-Անժէ բացման մրցումով, ազդանշանը կը տրուի 6-րդ հանգրուանին:



