Կռփամարտ. Բաչքովի Առաջին Մրցակիցը Արհեստավարժ Ռինկին Վրայ՝ Յստակացաւ
Եւրոպայի կրկնակի, եւրոպական խաղերու ախոյեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր, կռփամարտիկ՝ Յովհաննէս Բաչքովի առաջին մրցակիցը արհեստավարժ ռինկին վրայ յստակացաւ: Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) յառաջիկային տեղի ունենալիք մենամարտին ընթացքին, գիւմրեցի մարզիկը պիտի ճակատի վենեզուելացի Սամուէլ Կոնցալեզի դէմ: Այդ մենամարտը նախատեսուած է որ կատարուի՝ յառաջիկայ 9 հոկտեմբերին: Նշենք, որ նախապէս յայտարարուած էր, որ Բաչքով պայմանագրութիւն մը ստորագրած է հանրածանօթ «MTK Global»...




















