Այսօր՝ Լիվըրփուլ-Արսենալ
«Տաք» Ճակատում
Նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցան Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Փրեմիեր-Լիկ»-ի Գ. հանգրուանի ճակատումները:
Մանչեսթըր Եունայթըտ, որ ցարդ կատարած էր մրցում մը եւ պարտուած՝ Քրիսթալ Փալասէն (3-1, Բ. հանգրուան), արձանագրեց տարեշրջանի իր առաջին՝ դժուար յաղթանակը, երբ 3-2 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրայթընի դաշտէն (Գ. հանգրուան):
Եունայթըտի կոլերը նշանակեցին՝ Լուիս Տանք (43-րդ՝ սխալմամբ իր բերդէն ներս), Մարքուս Ռեշֆորտ (55-րդ) եւ Պրունօ Ֆերնանտեզ (90+11-րդ՝ փենալթի-ով):
Նշենք, որ իր նշանակած կոլէն երեք վայրկեան առաջ, Ռեշֆորտ չյաջողեցաւ փենալթի մը կոլի վերածել:
Այլ մրցումի մը, Չելսի պարտութենէ մը փրկուեցաւ, երբ Ուեսթ Պրոմուիչ Էլպիընի դէմ իր կատարած մրցումին (3-3), Թեմի Ապրահամ նշանակեց իր կազմին հաւասարութեան կոլը (90+3րդ):
Այս հանգրուանին ծիրին մէջ, այսօր տեղի կ’ունենայ բաւական հետաքրքրական եւ տաք ճակատում մը, որուն ընթացքին, երկրին գործող ախոյեանը՝ Լիվըրփուլ կը հիւրընկալէ Արսենալին: Մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 22:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):
Երկու կազմերն ալ, ցարդ իրենց կատարած երկու մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրած են, ապահովելով՝ առաւելագոյն վեց կէտը:



