Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան՝ «Պունտըսլիկա»-յի 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, որոնք տեղի ունեցան նախորդ շաբաթավերջին, երկրին գործող ախոյեանը՝ Պայէրն Միւնիխ կրեց տարեշրջանի իր առաջին անակնկալ պարտութիւնը, որ եղաւ քիչ մը ծանր՝ 4-1 արդիւնքով, Հոֆընհայմի դաշտին վրայ:
Հիւրընկալ կազմը, որ այսպիսով արձանագրեց տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը, իւրաքանչիւր կիսախաղի նշանակեց երկու կոլ:
Տարեշրջանի իր երկրորդ յաղթանակը արձանագրեց նաեւ Օկզպուրկ, որ 2-0 արդիւնքով յաղթեց իր հիւրին՝ Պորուսիա Տորթմունտին:
Այսպիսով, տարեշրջանի երկրորդ հանգրուանի մրցումներէն ետք, երկրին զօրաւորագոյն կազմերը նկատուող՝ Պայէրն Միւնիխ եւ Պորուսիա Տորթմունտ, բաւական կանուխ ճաշակեցին պարտութեան համը:



