Իտալական Ա. Սէ. Միլանի 38 տարեկան շուէտացի յառաջապահ՝ Զլաթան Իպրահիմովիչ վարակուեցաւ «Քորոնա» ժահրով՝ այս գծով յայտնեց անոր ակումբին մամլոյ քարտուղարութիւնը:
Այս մէկին պատճառով, ան երէկ իր մասնակցութիւնը չբերաւ նորվեկիական Պոտոյէ Կլիմթի դէմ տեղի ունեցած «Եւրոպայի-Լիկա»-յի զտումի Գ. հանգրուանի մրցումին:
Ան ըսաւ, որ նախանցեալ օր իր վրայ կատարուած քննութեան արդիւնքը տուած էր դրական պատասխան, մինչ երէկ անիկա եղած էր՝ ժխտական:
Այժմ ան,իր տան մէջ ինքնամեկուսացումի մէջ է, մինչեւ լաւապէս ապաքինիլը:
Նշենք, որ այս շաբաթասկիզբին, անոր խմբակից՝ Լէոնարտօ Տուարթէ եւս վարակուած էր «Քորոնա» ժահրով: