Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյեանութեան («Փրեմիեր-Լիկ») 5-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէծ, երէկ իրարու դէմ մրցեցան Վան եւ Ալաշկերտ, Չարենցաւանի քաղաքային մարզադաշտին վրայ:
Թէեւ Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ կոլազուրկ, սակայն Բ. կիսախաղին, հիւր կազմը՝ Ալաշկերտ ընդհատեց Վանի յաղթարշաւը, որ ցարդ կը մնար անպարտելի եւ արձանագրեց նուազագոյն արդիւնքով յաղթանակ մը, շնորհիւ Դաւիթ Դաւիթեանի նշանակած կոլին (61-րդ):
Նշենք, որ Ա. կիսախաղին աւարտէն վայրկեան մը առաջ, Ալաշկերտէն կարմիր քարտ ստացաւ Դաղբաշեան:
Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ալաշկերտ բարելաւեց իր դիրքը ընդհանուր դասաւորման մէջ եւ բարձրացաւ չորրորդ դիրք (7 կէտով), իսկ Վան շարունակեց մնալ յառաջատար՝ 9 կէտով :